Արագիլներու Տունդարձի Ժամանակը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յակոբ Այնթապլեան

Համատարած ահ ու սարսափի մթնոլորտին մէջ արագիլները երամ առ երամ տուն կը վերադառնան այս օրերուն. Համաշխարհային երրորդ պատերազմը երրորդ ամիսն ալ թեւակոխեց անցաւ աշխարհի գերհզօր պետութիւններու անկարութեան բովէն…..

հետզհետէ ահագնացող ժահրային ցնցումները կը յուշեն նոր աշխարհահամակարգի մը ստեղծումը, ուր ԱԶԳ ԸՆՏԱՆԻՔԸ իր ուրոյն եւ որոշիչ դերը պիտի ունենայ համաշխարհային ընկերութեան մէջ.

Արագիլները, գուցէ խուճապահար, բայց խումբ առ խումբ տուն կը վերադառնան այս օրերուն…..

Ընտանիքին մէջ պաշտպանուած ըլլալու զգացո՞ւմն է, հայրենիքի կարօ՞տն է, նահատակներու արեան կանչը՞, թէ ազգային պատկանելիութեան անմեկնելի գիտակցութեան շնորհիւ է ազգային այս համախմբումը…..հաւանաբար բոլորը միասին ……

Հայկական Ցեղասպանութենէն 105 տարի ետք՝ Ապրիլ 24-ի նախօրէին լաւագոյն առիթն է մեր վիրաւոր արագիլները տունը պահելու, խնամելու զանոնք, քաջալերելու եւ առողջացնելու….

Նոր աշխարհահամակարգին մէջ հայաստանաբնակ թէ սփիւռքի արագիլներուն յատուկ դեր պէտք է վերապահել ու համահայկական ճիգերով կազմակերպել արագիլներու ներգաղթը.

Հայաստանը՝ յետ համավարակային հանգրուանին՝ արագիլի նման երկնային բարձր թռիչք ունենալու է եւ միեւնոյն ժամանակ՝ իր ձագերը ամէն գնով կանգուն պահելու հզոր կամք…..