
Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութիւնը Օգնութիւն Տրամադրած Է Կարիքաւոր Ընտանիքներուն
«Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին պատճառով դժուար կացութեան մէջ յայտնուած ընտանիքներուն օգնութեան ձեռք կը մեկնէ թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ պետութիւնը։
«Այս սկզբունքով առաջնորդուելով, սոյն թուականի Ապրիլ 7-ին, Օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի Ընդհանուր Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքիայ Վարդապետ Ամիրեանի, Ախալցխայի եւ Բորժոմիի տարածաշրջաններու Հոգեւոր Տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ Աբեղայ Սահակեան եւ Ախալցխայի յարակից շրջաններու Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Թորգոմ Քահանայ Վարդանեան Հոգեւոր Տեսչութեան «Աջակցութիւն կարիքաւոր ընտանիքներուն» Ընկերային-Բարեգործական ծրագիրին ծիրէն ներս համագործակցելով Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր՝ Կիա Գոբաձէի եւ Ախալցխայի սակրեբուլոյի պատգամաւոր՝ Համբարձում Բաբոյեանի հետ, շուրջ 50 ընտանիքի տրամադրեցին սնունդ, գումար եւ տակդիրներ։ Օգնութեան նուազագոյն փաթեթը կը կազմէ 100 լարի։
Բարձեալն Աստուծոյ կամքով Եկեղեցի եւ
Պետութեան համագործակցութիւնը կը կրէ շարունակական բնոյթ եւ որեւէ կարիքաւոր ընտանիք անմասն
չի մնար
տրամադրուող օգնութենէն։
Տիրոջ զօրակցութիւնը բոլորիս»,-
նշուած է Akhaltskha.net-ի փոխանցած տեղեկութեան մէջ։
