Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Արագութիւնը Նուազած Է
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւին արագութիւնը նուազած է։ Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ ուղիղ եթերով յայտնեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:
«Եթէ օրական տոկոսային աճով նաինք, ապա մեր մօտ վերջին երեք օրերուն տոկոսային աճը եղած է 4.6 տոկոս, 6.8 տոկոս եւ 1.3 տոկոս: Կրկնապատկման արագութիւնը 7 օրը մէկէն դարձած է 8 օրը մէկ: Մեր խնդիրն է՝ որքան հնարաւոր է, իջեցնել կշռոյթը»,- տեղեկացուցած է Թորոսեան։
