«Թռչէի Մտքով Տուն». Բուժքոյրերուն Երգի Վերածուած Կարօտը՝ Բոլոր Մայրերուն

Այլեւայլ, Հայաստան

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Ծովինար Խաչատրեան ֆէյսպուքեան էր էջին մէջ տարածած է կեդրոնի բուժքոյրերու կատարումով բոլորիս կողմէ շատ սիրուած երգը` հետեւեալ գրութեամբ.

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքի աւագ բուժքոյր Հռիփսիմէ Յունանեանի եւ բուժքոյր Էլմիրա Առաքէլեանի երգի վերածուած կարօտը նուէր բոլոր մայրերուն, բոլոր բուժաշխատողներուն, որոնք հիմա տունէն հեռու կը պայքարին յանուն մարդոց ապրելու իրաւունքին, նուէր նաեւ բոլոր ինքնամեկուսացածներուն եւ մեկուսացածներուն, որոնք օրերը կը հաշուեն հարազատ օճախ վերադառնալու համար: Մնացէք տունը, դիմացեք…»։