Աւագ Երկուշաբթի. Անպտուղ Թզենիի Չորացում

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր Աւագ Երկուշաբթի է. Օրը նուիրուած է աշխարհի` երկնքի ու երկրի արարչագործութեան: Այս օրը կը մտաբերենք այն դէպքը, երբ Յիսուսի անէծքով չորցաւ անպտուղ թզենին (Մատթ. ԻԱՅ 18-22, մարկ. ԺԱՅ 12-14, 20-25), եւ Երուսաղէմի Տաճարի մաքրագործումը (Մատթ. ԻԱՅ 12-17, մարկ. ԺԱՅ 15-19, ղուկ. ԺԹ 45-48, հովհ. Բ 13-22):

Բեթանիայէն Երուսաղէմ վերադառնալու ընթացքին, Յիսուս քաղց կը զգայ: Եւ ճանապարհի վրայ թզենի մը տեսնելով` կը մօտենայ անոր եւ այնտեղ տերեւէն բացի ոչինչ գտնելով` թզենիին կ՝ըսէ,- «Այսուհետեւ քեզմէ յաւիտեան պտուղ թող չըլլայ»: Նոյն պահուն թզենին կը չորնայ: Յիսուս անիծելով տերեւներով զարդարուած, բայց անպտուղ թզենին` կ՝ակնարկէր փարիսեցիները, որոնք զարդարուած էին արտաքին բարեպաշտութեամբ, սակայն չունէին այդ բարեպաշտութեան հոգեւոր պտուղը` բարի գործերը եւ ողորմածութիւնը:

Պտուղը այլաբանօրէն կը խորհրդանշէ մարդկային բարի գործերն ու առաքինութիւնները, որոնցմէ զուրկ մարդը պիտի պատժուի այս թզենիին օրինակով: Ինչպէս կ՝ըսէ Ս. Յակոբոս առաքեալը` «Հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Հակ. Բ 20):

Երուսաղէմի Տաճարի մաքրագործումը կատարուեցաւ ի խնդիր հաւատի մաքրութեան: Յիսուսը մտաւ տաճար եւ շրջելով աղաւնի վաճառողներուն ու լումայափոխներուն սեղանները` դուրս հանեց անոնց, որոնք տաճարին մէջ առեւտուր կ՝ընէին, եւ ըսաւ,- «Գրուած է. «Իմ տունը աղօթքի տուն պիտի կոչուի, իսկ դուք աւազակներու որջ դարձուցած էք զայն» (Ես. ԾԶ 7, երեմ. Է 11):

Աստուծոյ Տաճարը աղօթքի եւ պաշտամունքի տուն է, եւ կարելի չէ զայն առքուվաճառքի տեղ դարձնել: Իր այս արարքով Տէրը մեզի կը սորվեցնէ սրբութիւններու հանդէպ պատշաճ վերաբերմունք ցուցաբերել:

http://ter-hambardzum.net/