
Արցախի Ջանքերը Պէտք Է Ստանան Միջազգային Հանրութեան Աջակցութիւնը. Արցախի ԱԳՆ
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին հետեւողական ջանքերը պէտք է վայելեն աջակցութիւնը միջազգային հանրութեան, քանի որ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդումը համընդհանուր բնոյթ կը կրէ, ուստի կը հանդիսանայ ողջ համաշխարհային հանրութեան հաւաքական պատասխանատուութիւնը: Այս ճամբուն վրայ արհեստական խոչընդոտներու ստեղծումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հիմնարար միջազգային փաստաթուղթերու դրոյթներու խախտում է: Այս մասին նշուեցաւ Մարտ 31-ին Արցախի մէջ կայացած համապետական ընտրութիւններու վերաբերեալ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Նշելով, որ Մարտ 31-ին կայացած նախագահական եւ պատգամաւորական ընտրութիւնները` յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Հանրապետութեան իշխանութիւնները ստեղծած են բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, որպէսզի կայանան մրցակցային, ազատ եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող ընտրութիւններ: Անդրադարձ կատարուած է այն իրականութեան, որ աւելի քան 140 միջազգային դիտորդ եւ շուրջ 40 օտար լրագրող` 38 երկիրներէ ուզած են հետեւիլ ընտրութիւններուն, սակայն «Քորոնա»ի եւ անոր պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով կարելի չէ եղած: «Խորին երախտագիտութիւն կը յայտնենք բոլոր միջազգային դիտորդներուն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են` իրենց մասնակցութեամբ սատարելու Արցախի մէջ այս կարեւոր ժողովրդավարական գործընթացին: Միեւնոյն ժամանակ, հարկ է նշել, որ ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեամբ մասնակցած են Արցախէն եւ Հայաստանէն ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու շուրջ 950 ներկայացուցիչներ»:
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ մասնակիցներուն թիւը, թեկնածուներուն պատկերը, ընտրութեան բնականոն ընթացքը: «Քաղաքական բազմակարծութեան եւ թափանցիկ պայմաններու մէջ կայացած ընտրութիւնները հերթական անգամ ի ցոյց դրին Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վճռականութիւնը` ժողովրդավարական սկզբունքներու հիման վրայ հանրային կեանքի արդիւնաւէտ կազմակերպման, պետական հիմնարկներու հետեւողական կատարելագործման եւ հանրային վերահսկողութեան արդիւնաւէտ մեքենականութիւններու ապահովման հարցին:
«Համոզուած ենք, որ ժողովրդավարական աւանդոյթներու ամրապնդումը եւ անոնց տարածումը ողջ Հարաւային Կովկասի մէջ կարեւոր ներդրում պիտի դառնայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ կանխատեսելիութեան ապահովման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ պայմաններ պիտի ստեղծէ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման համար` բացառապէս խաղաղ միջոցներով:
«Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի հետեւողական ջանքերը պէտք է աջակցութիւն ստանան միջազգային հանրութեան կողմէն, քանզի ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդումը համընդհանուր բնոյթ կրէ եւ հետեւաբար կը հանդիսանայ ողջ համաշխարհային հանրութեան հաւաքական պատասխանատւութիւնը: Այս ճանապարհին արհեստական խոչընդոտներու ստեղծումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս հիմնարար միջազգային փաստաթուղթերու դրոյթներու խախտում է»,- նշուեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: