5 Ոչ Խուճապային Փաստ COVID-19-ի Մասին

Աշխարհ

Ս․ Փեթերզպուրկի պետական ​​համալսարանի կենսաբանութեան բաժանմունքի փրոֆէսոր Ալեքսէյ Փոթեխինը «Էխօ Մոսկուի» կայքին մէջ հրապարակուած իր սիւնակին մէջ ներկայացուցած է նոր Քորոնաժահրի մասին փաստեր:

«Մեդիամաքս»-ը կը ներկայացնէ անոնց ամփոփումը: 

Սա պարզապէս Քորոնաժահր է

 Սա պարզապէս քորոնաժահր է: Սա ժանտախտ չէ, ոչ ալ կարմրուկ: Սա նոյնիսկ այն քորոնաժահրը չէ, որը 2002-ին անկանոն թոքաբորբի պատճառ դարձաւ եւ շատ աւելի կոշտ էր: Ներկայիս ժահրը կը սպաննէ, բայց կը սպաննէ չափաւոր: 

 Աշխարհի մէջ հիւծախտէն (tuberculosis) ամէն օր նոյնքան մարդ կը մահանայ, քան մինչ օրս մահացած է COVID-էն: Նոյնքան ալ մալարիայէն: Պարզապէս, մենք այդ թիւերուն չենք հետեւիր առցանց:

Ժահրը, ցաւօք, բաւական վարակիչ է

 Ժահրը, ցաւօք, բաւական վարակիչ է: Աւելի վարակիչ է, քան կրիփը, բայց աւելի քիչ վարակիչ, քան խոզուկը կամ կարմրախտը, ալ չեմ խօսիր կարմրուկի մասին: Մեր երեւակայութեան վրայ կ՛ազդեն վարակուածներու եւ մահացածներու իրական ժամանակի մէջ աճող թիւերը:

Ատիկա անխուսափելի էր

 Ժահրը դուրս եկած է մէկ երկրի սահմաններէն եւ բռնկումներ յառաջացուցած են ամբողջ աշխարհով մէկ: Ատիկա անխուսափելի էր: Պէտք չէ վախնալ «համավարակ» բառէն. Ատիկա միայն կը նշանակէ, որ հիւանդութեան դէպքեր յայտնաբերուած են աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, այլ ոչ թէ այն, որ մարդկութիւնը կանգնած է ոչնչացման վտանգի առջեւ: Բայց եթէ իւրաքանչիւր երկիր յառաջիկայ ամիսներուն կրկնէ Չինաստանի ուղին, ապա դէպքերը շատ պիտի ըլլան: Ամէն պարագայի ժահրը պիտի դիպչի իւրաքանչիւր երկրի բնակչութեան փոքր տոկոսին, բայց ընդհանուր հաշիւը զգալի պիտի ըլլայ:

 Անվտանգութեան նախաձեռնութիւնները, որոնք ձեռնարկած էր Չինաստանը եւ այժմ կը ձեռնարկէ Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհը, աննախադէպ են: Անոնց հիմնական նպատակն է` նուազեցնել հիւանդանոցներու վրայ միաժամանակեայ բեռը, երկարաձգել վարակի տարածումը ժամանակի մէջ:

Ան չի վերանար

 SARS-CoV քորոնաժահրը չ՛անհետանար մեր կեանքէն: Այն չի վերանար: Զանոնք չեն ոչնչացներ մեկուսացումները: Ատոր` ինչպէս նաեւ այլ ժահրերու դէմ, դեղամիջոցներ չկան, բժշկական ցուցումները աջակցող բուժում են: Պատուաստանիւթը պիտի յայտնուի (կը կարծեմ` ամրան), բայց ան մասսայական կիրառութեան մէջ տարեվերջէն շուտ չի մտներ: 

Հետեւաբար, աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը դատապարտուած է այս ժահրը տանելու: Եւ սա կարեւոր է, քանի որ վարակիչ հիւանդութիւններու լաւագոյն միջոցը հաւաքական դիմադրողականութիւնն է: Շատերը կը տանին ժահրը, եւ մարդկութիւնը կը սկսի վերադառնալ բնականոն կեանքի:

 Մեկուսացումի նախաձեռնութիւնները ճիշդ են

 Երեկոյեան խորտկարան (bar) երթալու կամ անծանօթ տարէց մարդու (որուն մենք կրնանք ակամայ փոխանցել ժահրը) մահուան ընտրութեան միջեւ մեզմէ ո՞վ կ’ընտրէ bar երթալը: Հաւանաբար, եթէ ձանձրոյթի գինը կը չափուի տարեցներու կեանքով, բոլորը պատրաստ են ձանձրանալու տունը` առանց դուրս գալու եւ զուարճանալու:

 Աւելին, պէտք չէ շփոթել ամբողջական ինքնամեկուսացումը ընկերային գործունէութեան ողջամիտ նուազման հետ: Այս ժահրը այդքան սարսափելի չէ, որ թոյլ տանք ատով կաթուածահար ընել կեանքը: Այսօրուան վարքագիծերէն մէկուն համար շատ լաւ կ՛ըսուէր` եթէ 14 օրուան մեկուսացման համար ձեզ անհրաժեշտ է 144 զուգարանի թուղթ, ապա դուք պէտք է բժիշկի դիմէիք նախքան քորոնաժահրի յայտնուիլը: 

 Պէտք չէ վախնալ դուրս գալ տունէն, պէտք չէ վախնալ աշխատանքի երթալէն, եթէ իսկապէս երթալու կարիք կայ: Ընդհանրապէս պէտք չէ վախնալ այդ վարակը տանելէն: Պէտք է վախնալ պապիկներու եւ տատիկներու համար, եւ այժմ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ անոնք աւելի քիչ դուրս գան եւ շփուին այլ մարդոց հետ: