Հայաստանի Մէջ Քորոնա Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 102-ի

Հայաստան

 Հայաստանի մէջ Քորոնա ժահրով վարակման հաստատուած դէպքերու թիւը հասաւ 102-ի: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին «Շանթ» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այս պահուն արդէն ունինք 102 դէպք»,- ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետին խօսքով` վարակուածներուն 75 տոկոսը վարակուած են երկու աղբիւրէ` Էջմիածինէն եւ արտադրամասէն: