
Հայաստանի Մէջ Կը Գործարկուի Հեռավար Կրթութեան Հարթակ
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը, հաշուի առնելով Քորոնա ժահրի կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը եւ մեկնելով ստեղծուած իրավիճակէն, հանրակրթական դպրոցներուն մէջ ուսումնական գործընթացը առցանց կազմակերպելու նպատակով կը գործարկէ հեռավար կրթութեան հարթակ: Այս մասին կը հաղորդէ “Մեդիամաքս”ը։
Հարթակը մշակուած է ԿԳՄՍՆ Կրթական տեխնոլոգիաների (արհեստագիտութիւններու) ազգային կեդրոնին մէջ եւ արդէն հասանելի է:
ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Ժաննա Անդրէասեան ըսած է, որ անհրաժեշտ է ծրագրաւորել ուսումնական գործընթացի կազմակերպման աշխատանքները` առկայ այլընտրանքներու ու հնարաւորութիւններու համատեղումով: Այս տարի նախարարութիւնը երկու դպրոցի մէջ փորձարկած է հեռավար կրթութեան ներդրման հնարաւորութիւնը, եւ այժմ գործընթացին մէջ պիտի ներգրաւուին բոլոր դպրոցները:
«Հեռավար կրթութեան կազմակերպման համար մենք ունինք բաւական թիւով հայալեզու առցանց աղբիւրներ եւ գործիքներ: Կան հեռավար կրթութեան կազմակերպման ոլորտին մէջ յաջողած փորձ ունեցող դպրոցներ, որոնց մենք խնդրած ենք կիսուիլ իրենց փորձով, ինչպէս նաեւ համախմբել ոլորտին մէջ առկայ ներուժը, որպէսզի հեռավար կրթութիւնը կազմակերպուի արդիւնաւէտ եւ բաց ու հասանելի ըլլայ բոլորին”,- նշած է Անդրէասեան:
Նախարարի տեղակալին խօսքով` անցած երկու օրերուն Կրթական տեխնոլոգիաների ազգային կեդրոնին մէջ կատարուած է նախապատրաստական աշխատանք, եւ արդէն իսկ գործարկուած է հեռավար կրթութեան համալիր էջը, ուր կը նախատեսուի համակարգուած ներկայացնել հանրապետութեան բոլոր դպրոցներու ցանկը` ըստ առարկայական ուսուցիչներու եւ աշակերտներու:
Կրթական տեխնոլոգիաների ազգային կեդրոնի ստեղծած միասնական հարթակին մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ բոլոր այն կազմակերպութիւններու հեռավար կրթութեան հարթակները, որոնք պատրաստակամ են համագործակցելու նախարարութեան հետ` տրամադրելով իրենց աղբիւրներն ու հմտութիւնները:
Հեռավար կրթութեան հարթակի կիրառման հետ կապուած տեխնիկական աջակցութեան եւ այլ հարցերու պարագային կարելի է դիմել Կրթական տեխնոլոգիաների (արհեստագիտութիւններու) ազգային կեդրոնին մէջ ձեւաւորուած արագ արձագանգման խումբին հետեւեալ հեռախօսահամարներով` 010/ 011/ 57-84-55, 010/ 011/ 57-84-53 եւ էլեկտրոնային հասցէով:
Յառաջիկային բոլոր դպրոցներուն պիտի տրամադրուին ՏՀՏ վերապատրաստում անցած խորհրդատու-ուսուցիչներու տուեալներ: Վերջիններս պիտի իրականացնեն առցանց վերապատրաստում եւ պիտի ապահովեն տեխնիկական աջակցութիւն եւ ուղղորդում ուսուցիչներու համար: