Ի՞նչ Սպասել Արտակարգ Դրութեան Ընթացքին․ Կառավարութեան Պարզաբանումը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայացուցած է արտակարգ դրութեան ընթացքին կանխարգելիչ միջոցառումներու, սահմանով մուտքի եւ ելքի, տեղաշարժման սահմանափակումներու եւ անհրաժեշտ այլ քայլերու մասին տեղեկութիւններ։ Կը ներկայացնենք կառավարութեան հրապարակած տեղեկատւութիւնը․

  1. Մուտքը եւ ելքը ՀՀ սահմանով
  • ՀՀ քաղաքացիները չեն կրնար ցամաքային սահմանով լքել ՀՀ տարածքը. բացառութիւն կը կազմեն բեռնափոխադրումներ իրականացնողները, օրինակ` վարորդները:
  • ՀՀ քաղաքացիները, անոնց ընտանիքի անդամները (եթէ նոյնիսկ ՀՀ քաղաքացի չեն), Հայաստանի մէջ հաշուառուած եւ բնակող անձեր կրնան մուտք գործել ՀՀ տարածք:
  • Այլ օտարերկրացիներու մուտքը պիտի արգիլուի, եթէ, օրինակ, անոնք այնպիսի երկիրներու քաղաքացիներ են կամ վերջին 14 օրը գտնուած են այնպիսի երկիրներ, ուր համաճարակաբանական լարուած իրավիճակ կը տիրէ (նման երկիրներու ցանկը պիտի որոշէ պարէտը)
  • Անկախ բոլոր դէպքերէն, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, օրինակ` դեսպանները, հիւպատոսական հիմնարկներու եւ ﬕջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ անոնց ընտանիքի անդաﬓերը պիտի կարենան մուտք գործել ՀՀ տարածք
  • Միեւնույն ժամանակ պարետը, կախուած յստակ հանգամանքներէ եւ առանձնայատուկ դէպքերով կրնայ որոշել նաեւ արտօնել այլ անձերու մուտքը ՀՀ տարածք, որոնց կ՝արգիլուի մուտք գործել` համաձայն արտակարգ դրութեան պայմաններուն
  1. Կանխարգելիչ միջոցառումներ
  • ՀՀ սահմանէն մուտք գործելէ ետք պիտի կատարուի անձերու զննութիւն
    • ախտանիշներու առկայութեան պարագային պիտի իրականացուին հիւանդանոց տեղափոխութիւն, ﬔկուսացում (ինքնաﬔկուսացում) եւ (կամ) այլ սահմանափակող քայլեր,
    • եթէ անձը հրաժարի նման միջոցառումներէ, անոն կրնան ժամանակաւորապէս ﬔկուսացնել պարէտի կողմէ սահմանուած համապատասխան վայրերու մէջ` հետազօտման, բուժման եւ վարակի տարածումը կանխելու նպատակով,
    • եթէ պարզուի, որ անձը ՀՀ ժամանած է այնպիսի երկիրներէ, ուր կը տիրէ համաճարակաբանական լարուած իրավիճակ՝ անոնք պիտի տեղափոխուին յատուկ նախատեսուած մաքրանոց-արգելանոցներ կամ անոնց կրնայ հրահանգուիլ անցնիլ ինքնաﬔկուսացման` իր մշտական բնակութեան կամ իր նախընտրութեամբ այլ վայրի մը մէջ՝ բացառելով այլ անձերու հետ անﬕջական շփումը:
  1. Տեղաշարժման սահմանափակումներ

Թէեւ արտակարգ դրութիւնը հայտարարուած է ՀՀ ողջ տարածքին, բայց սահմանափակումներ պիտի գործեն միայն այն համայնքներուն եւ տարածքներուն մէջ, որոնք պիտի որոշէ պարէտը: Այն համայնքին մէջ, ուր պիտի որոշուի մտցնել սահմանափակումներ, պիտի գործէ հետեւեալ վարչաձեւը

• պիտի գործէ համայնքի տարածք մուտք գործելու եւ ելք կատարելու յատուկ վարչաձեւ, որ պիտի հսկեն ոստիկանութիւնը, առողջապահութեան նախարարութեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան, առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի, սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարնի, մարզպետարանի եւ համայնքապետարանի ներկայացուցիչները
• առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, պարագաներու, սննդամթերքի, դեղորայքի, վառելիքի մատակարարման դէպքերու, ինչպէս նաեւ պարէտի ցուցմունքով` արտակարգ դրութիւն յայտարարելու համար հիմք ծառայած հանգամանքներու վերացման եւ այլ հրատապ հարցեր լուծելու անհրաժեշտութիւնէն մեկնելով մուտքերը եւ ելքերը չեն սահմանափակուիր.
• համայնքի տարածքին կրնան կատարուիլ անձերու ﬔկուսացում (ինքնաﬔկուսացում), ազատ տեղաշարժի կանոնաւորում (օրուան ժամեր, մարդոց քանակ եւ այլն)
• անձերու բնակարաններու կամ գտնուելու վայրին մէջ մաքրութեան եւ հակահամաճարակային ﬕջոցառուﬓերու իրականացում

Անձերու մօտ վարակի առկայութեան կասկածի կամ ատոր յայտնաբերման պարագային անձերը պիտի տեղափոխուին յատուկ նախատեսուած մաքրանոց-արգելանոցներ:

  1. Միջոցառումներուն մասնակցութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին կ՝արգիլուի հաւաքներու եւ գործադուլներու իրականացումը:

Բացի այդ, կրնան պարէտի կողմէ սահմանուիլ տարածքներ, ուր պիտի արգիլուին այնպիսի հանրային միջոցառումներ, օրինակ` մարզական, մշակութային, կրթական միջոցառուﬓեր, ժամանցային ձեռնարկներ, ծննդեան (տարեդարձի), հարսանեաց (նշանադրութեան), թաղման ﬕջոցառուﬓեր եւ այլն: Նման միջոցառումները պիտի արգիլուին նման տարածքներու մէջ, եթէ այդ միջոցառումներուն մասնակցին 20 եւ աւելի անձեր:

  1. Ուսումնական գործընթացը

Բոլոր պետական, համայնքային եւ ոչ պետական հանրակրթական (ինչպէս՝ մանկապարտէզները), նախնական մասնագիտական (արհեստագործական), ﬕ – ջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն ուսուﬓական հաստատութիւններու մէջ պիտի արգիլուի դասընթացը: Այս արգելքը չի տարածուիր հեռավար (առցանց) ուսուցման վրայ:

  1. Այլ սահմանափակումներ

Պիտի արգիլուին տեսակցութիւնները, յանձնունքներու կատարումը ազատազրկման վայրերու, զօրամասերու, հոգեբուժական կազմակերպութիւններու մէջ, տարեցներուն հասարակական ծառայութիւններ տրամադրող, երեխաներու խնամք եւ պաշտպանութիւն իրականացնող հաստատութիւններու մէջ:

  1. Հրապարակումներ համացանցի եւ մամուլի մէջ

Եթէ անձեր եւ զանգուածային լրատւութեան միջոցները համացանցի, ինչպէս` ընկերային ցանցերու մէջ կամ այլ ձեւով կ՝ուզեն տեղեկատուական նիւթ տեղադրել «քորոնա» ժահրի վարակման առկայ եւ նոր դէպքերու, անձանց առողջական վիճակի, վարակի աղբիւրներու, ﬔկուսացուածներու քանակի մասին, պէտք է օգտուին բացառապէս պարէտատան կողմէ տրամադրուած պաշտօնական տեղեկատւութենէն եւ յղում կատարեն անոր ու հնարաւորինս վերարտադրեն զայն: Անոնց հրապարակումները չեն կրնար հակասել պաշտօնական տեղեկատւութեան:
Նոյնը նաեւ կը վերաբերի այնպիսի տեղեկութիւններուն, որոնք կը հանգեցնեն խուճապի կամ խուճապային իրադրութիւն ստեղծելու վտանգ ունին:
Նման հրապարակումները ենթակայ են անյապաղ վերացման զայն կատարած անձերուն կողմէ։

ՊԷՏՔ Է ՅԻՇԵԼ, ՈՐ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱՁԵՒԸ ԽԱԽՏԵԼԸ, ԱՅՍԻՆՔՆ` ՍԱՀՄԱՆՈՒԱԾ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՉԵՆԹԱՐԿՈՒԻԼԸ ԿԸ ՅԱՆԳԵՑՆԷ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԵԱՆ` ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՕՐԷՆՍԳՐՔԻ 1823 ՅՕԴՈՒԱԾԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ: