Սթրազպուրկի Քաղաքապետի Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Առաջատարը Հայ Թեկնածու Ժաննա Բարսեղեանն է

Սփիւռք

Սթրազպուրկի Քաղաքապետի Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Առաջատարը Հայ Թեկնածու Ժաննա Բարսեղեանն է

Ֆրանսական Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած է քաղաքային ընտրութիւններու առաջին փուլը, որուն կը մասնակցէր հայ բնապահպան Ժաննա Բարսեղեանը:

Այս մասին, tert.am-ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ rusarminfo.ru կայքը:

Առաջին փուլէն ետք Բարսեղեան ամենէն շատ ձայները հաւաքած է, ընդհանուր ձայներու 27,6%-ով: Երկրորդը՝ Ալիոնա Ֆոնթանելան է, որ հաւաքած է ձայներու 19,8%-ը:

Առաջին փուլին ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը ցած է, որուն պատճառը Եւրոպայի մէջ Թագաժահրի տարածումն է:

Նոր քաղաքապետը պիտի որոշուի ընտրութիւններու երկրորդ փուլով: