Պարսելոնայի Մէջ Գործող Հայ Վարորդները Կ՝առաջարկեն Անվճար Տեղափոխել Բուժաշխատողները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ պսակաւոր ժահրի տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին հետ կապուած՝ Taxi ծառայութիւն մատուցող հայ վարորդները հանդէս եկած են նախաձեռնութեամբ: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունը:
«Taxi-ի հայ վարորդները այս դժուար պահերուն կ՝առաջարկեն անվճար տեղափոխել բուժաշխատողները»,- նշած է դեսպանատունը՝ կիսուելով Facebook-ի վրայ «Los Armenios» խումբին մէջ տեղադրուած՝ բժիշկները անվճար տեղափոխելու մասին յայտարարութիւնը: Մարտին Կիրակոսեանը, Անդրանիկ Պետրոսեանը, Աբարահամ Յակոբեանը, Էդգար Աւետիսեանը, Արթուր Մարտիրոսեանը, Արմէն Ազարեանը, Հայկ Եղիկեանը, Դաւիթ Փիլոսեանը եւ ուրիշներ յայտարարութեան հետ միասին հրապարակած են իրենց հեռախօսահամարները:
Յայտարարութեան տակ՝ բազմաթիւ օգտատէրեր՝ իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն հայ վարորդներուն նման մարդասիրական նախաձեռութեան համար: Շատ շնորհակալութիւն, գերազանց նախաձեռնութիւն, կեցցէք, ծափահարութիւններ ձեր համերաշխութեան համար. այս եւ այլ ձեւակերպումներով արձագանգած են օգտատէրերը: