
ՀՀ Քաղաքացիները Իւրօրինակ Ձեւով Շնորհակալութիւն Յայտնած Են Պսակաւոր Ժահրի Դէմ Պայքարող Բուժաշխատողներուն
Հայաստանցիները ծափահարութիւններով շնորհակալութիւն յայտնած են պսակաւոր ժահրի դէմ պայքարող բուժաշխատողներուն: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ծափահարութիւնները ֆլէշմոպի տեսքով հնչած են Մարտ 15-ին, ժամը 21:00-ին:
Նախօրօք յայտարարուած ժամուն, բնակիչները՝ իրենց պատուհաններէն ու պատշգամբներէն վայրկեաններ շարունակ՝ ծափահարած են այս օրերուն Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ իրենց կեանքը վտանգելով պսակաւոր ժահրի դէմ պայքարող բուժաշխատողներուն:
Երախտիքի ֆլէշմոպի բազմաթիւ տեսանիւթեր յայտնուած են համացանցի վրայ: