
Ատրպէյճանը Գնդացիրով Կրակած է Իջեւանի Մարտական Դիրքերու Ուղղութեամբ. ՊՆ Խօսնակ
«Մարտ 13-ին, ժամը 12-12:30–ին, Իջեւանի ուղղութեամբ հակառակորդը գնդացիրով կրակած է հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ` խախտելով հրադարարը: Կրակոցներու հետեւանքով որեւէ վնաս չենք կրած, տուժածներ չկան»․ «Սփութնիկ Արմէնիա»-ին ըսած է պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան: Ան յայտնած է, որ ատրպէյճանական կողմի տարածած լուրերը, թէ հայկական զինուժը կրակ բացած է Ատրպէյճանի Ապասպէյլի գիւղի ուղղութեամբ, իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Ստեփանեանի խօսքով` հակառակորդին կրակոցները լռած են հայկական կողմի պատասխան կրակոցներէն ետք: