
Հայաստանի մէջ Կայ Պսակաւոր Ժահրով Վարակուած 4 Անձ, 41 Մեկուսացած
ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Մարտ 12-ին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ նոր պսակաւոր ժահրի հաստատուած 4 դէպք կայ:
«Հիւանդները «Նորք ինֆեկցիոն կլինիկական հիւանդանոց»-ի մէջ են: Անոնցմէ 3-ը այս պահուն գանգատեներ չունին, թէեւ դիմելու պահուն ունեցած են ջերմութիւն: Այս պահուն միայն 1-ն ունի գանգատներ, աջակողմեան թոքաբորբ: Ան կը ստանայ բուժում, մնացած հիւանդները բուժում չեն ստանար»,- ըսած է նախարարը:
Թորոսեան նշած է, որ Իտալիայէն ժամանած 3 հիւանդներուն հետ շփուած անձերու յայտնաբերման եւ մեկուսացման նախաձեռնութիւններ կ՛իրականացուին.
«Արդէն 10 անձ մեկուսացուցած ենք յատուկ պահման վայրի մէջ, ուր ունէինք եւս 31 հոգի: Աշխատանքներ կ՛իրականացուին նաեւ անոնց բնակավայրերու մէջ, հնարաւոր է` այնտեղից եւս մարդոց մեկուսացում տեղի ունենայ»:
Անոր խօսքով` կանխարգելիչ միջոցառումները ամբողջ հանրապետութեան մէջ կը շարունակուին: