Արցախի Հակամարտութեան Հարցով Իրավիճակը Բարդ Է. Լուքաշեւիչ

Աշխարհ, Հայաստան


Պատասխանելով հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման իրավիճակին եւ տագնապին կարգաւորման գործընթացին մէջ մօտիկ ապագային որեւէ յստակ քայլերու վերաբերող հարցումին՝ ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ Մարտ
10-ին յայտարարեց, որ իրավիճակը բարդ է՝ աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումէն ետք ակնկալութիւններուն, առայժմ կը դժուարանամ կարծիք յայտնելէ: Հարցը բարդ է, բազմաբնոյթ եւ անով կը զբաղին տարածաշրջան այցելող Մինսկի խմբակի համանախագահներու եռեակը եւ այդ մասին կը տեղեկացնեն գործող նախագահութեան: Կ՛ակնկալենք, որ մօտիկ ապագային համանախագահները Վիեննա ժամանեն՝ Մինսկի խմբակին մասնակցողներուն տեղեկութիւններ փոխանցելու համար: Իրավիճակը դիւրին չէ: Բայց առնուազն մեծ նահանջներ չեն արձանագրուիր եւ զինուած գործողութիւնները կանխուած են: Իմ կարծիքով, հակամարտող կողմերուն միջեւ բանավէճը որոշ չափով կորսնցուցած է իր սրութիւնը, ինչ որ կրնայ նպաստել կողմերուն, որ սկսին պայմաններ ստեղծել քաղաքական կարգաւորման շուրջ լուրջ քննարկումներու»։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenia.Az․