
Մարաշի 1920-ի Ինքնապաշտպանութեան Եւ Անոր Յաջորդած Ջարդին Ու Երկրորդ Պարպումին 100-ամեակի Ոգեկոչում Փասատինայի Մէջ
1920-ը կը զուգադիպի Կիլիկիոյ քաղաքներու ինքնապաշտպանութեան մարտերուն եւ անոնց յաջորդած ջարդերուն ու Կիլիկիոյ երկրորդ պարպումին: Արդարեւ, ինչ որ սկսաւ Յունուար 1920-ին, երբ քեմալական Թուրքիոյ ուժերը յարձակեցան Մարաշի վրայ եւ զայն ընտրեցին իբրեւ իրենց առաջին թիրախը թրքական հանրապետութեան կայացման, յաջորդող ամիսներուն եւ տարիներուն տարածուեցաւ նաեւ Կիլիկիոյ այլ քաղաքները՝ Այնթապ, Քիլիս, Սիս, Հաճըն, մինչեւ իսկ Ուրֆա, ապա Ատանա: Այսպէս, առաւել քան 160,000 հայեր կրկին Կիլիկիա փոխադրած ֆրանսական ուժերը, արդէն 1919-ի Օգոստոսին համաձայնութիւն կնքած էին քեմալական Թուրքիոյ հետ, որուն հիմամբ համաձայնած էին Կիլիկիան յանձնել քեմալականներուն եւ հայութիւնը անգամ մը եւս դնել թուրքերու անողորմ իշխանութեան ներքեւ: Աւելին, 1919-ի Դեկտեմբերին ֆրանսացի զօրավար Փիքօն իր կարգին համաձայնութիւն մը կնքեց Քեմալի հետ՝ ամրապնդելով այն, ինչը Օգոստոսին կատարած էր ֆրանսացի դիւանագէտ Պիւյոն…
Կիրակի, 23 Փետրուար, 2020-ին, գաղութիս բոլոր յարանուանութիւններուն եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրուած էր ինքնապաշտպանութեան ընթացքին զոհուած նահատակներուն ու յաջորդած ջարդերուն ընթացքին սպաննուած մարաշցիներուն հոգիներուն համար, եւ նոյն օրը յետմիջօրէին, Մարաշի հայրենակցական միութեան (ՄՀՄ) հրաւէրով տեղի ունեցաւ Մարաշի ինքնապաշտպանութեան եւ աղէտին հարիւրամեակի ոգեկոչման հոգեճաշ եւ հանդիսութիւն, ՄՀՄ-ի Փասատինայի կեդրոնին մէջ:
Սրահը լեցուն էր մարաշցիներով եւ Կիլիկիոյ այլ քաղաքներէն սերած հայորդիներով:

Սիրվարդ Տէյիրմէնճեան
Օրուան հանդիսավարն էր ՄՀՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Սիրվարդ Տէյիրմէնճեան: Ան նախ բեմ հրաւիրեց Սիւզի Փանոսեան Պաղտոյեանը, որ դաշնակի վրայ հմտաբար նուագեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՄՀՄ-ի քայլերգները:
Ապա հանդիսավար Տէյիրմենճեան բեմ հրաւիրեց պատմաբան դոկտ. Կարապետ Մոմճեանը, որ կատարէ օրուան բացման խօսքը եւ ներկայացնէ օրուան կղերական ներկայացուցիչները, որպէսզի իրենց պատգամները փոխանցեն ներկաներուն:
Դոկտ. Մոմճեան հակիրճ պատմականը կատարելէ ետք՝ յստակացուց, որ եթէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական դերակատարները թուրք օսմանեան պետութիւնը եւ զայն ղեկավարող երիտթուրքերն էին, ապա Մարաշի երկրորդ պարպումին հիմնական դերակատարն էր նոյնինքն «ասպետական Ֆրանսա»ն, որ գաղտնի կերպով համաձայնեցաւ քեմալականներուն հետ եւ տակաւի՛ն Մարաշ տակաւին նոր վերահաստատուած շուրջ 20,000 հազար հայութիւնը ձգեց իր ճակատագիրին (նշենք որ նախքան 1915-ի Ցեղասպանութիւնը՝ Մարաշի հայութեան թիւը 40,000-ով կը գնահատուէր):
Նկատի ունենալով որ Մարաշի մէջ գոյութիւն ունէր հայ երեք յարանուանութիւններուն պատկանող բնակչութիւն, դոկտ. Մոմճեան իրերայաջորդ կերպով բեմ հրաւիրեց հիւր կղերականները, որոնք էին՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, որ կը ներկայացնէր Արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, Վաչէ քհնյ. Հայրապետեան, որ կը ներկայացնէր Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը (քահանայ հայրը իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազաբ հօր անունով կարդաց անոր այս առթիւ ՄՀՄ-ին ու անոր անդամներուն ուղղած յատուկ գրութիւնը) եւ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, որ կը ներկայացնէր Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերապատուելի Պերճ Ճանպազեանը:
Խօսք առաւ նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նախկին համայնքապետ եւ բնիկ մարաշցի ծնողներու զաւակ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան:

Պատգամախօսները. ձախէն՝ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, Վաչէ քհնյ. Հայրապետեան, Պօղոս Քհնյ. Պալթայան, իսկ աջին‘ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան
Խօսք առնող բոլոր կղերականները շեշտը դրին Ցեղասպանութենէն ետք հայութեան եւ մանաւանդ կիլիկահայութեան գոյատեւման ու զայն անուանեցին աստուածային հրաշք, նաեւ ազդանշան մը Թուրքիոյ, որ հայը կայ, կը մնայ ու պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ պայքարիլ իր դէմ գործուած ահռելի ոճիրին ընդունման ու հայութեան իրաւունքներու վերադարձին համար:
Անոնք նաեւ խթանեցին ներկաները, որ այս կտակը անպայման փոխանցեն նոր սերունդին եւ այդպիսով վստահ ըլլան, որ պայքարը կը շարունակուի մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցան արուեստագէտներ՝ երգչուհի Սալբի Մայիլեան, երգիչ Գագիկ Պատալեան եւ ասմունքող Մարինէ Քէշիշեան, որոնք հմուտ կատարողութեամբ ներկայացուցին օրուան խորհուրդը պարփակող երգեր եւ ասմունքներ:
Ներկաները վերանորոգուած ոգիով սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին՝ ՄՀՄ-ի Փասատինայի մասնաճիւղի աշխատանքներուն իբրեւ զօրակցութիւն:
Թող Աստուած մեր աղէտեալ զոհերուն հոգիները լոյսերու մէջ պահէ եւ Մարաշի յիշատակը միշտ վառ պահէ մեր հայրենակիցներուն մօտ:
(Թղթակցութիւնը՝ Քալիֆորնիոյ ՄՀՄ-ի վարչութենէն)