
Հակառակորդի Կրակոցէն Պայմանագրային Զինծառայող Մը Զոհուած է
Հարաւարեւմտեան հատուածին վրայ տեղակայուած ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքին ուղղութեամբ, Մարտ 10-ին, ժամը 15:30-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցին հետեւանքով զոհուած է պայմանագրային զինծառայող, շարքային Զոհրապ Գրիգորի Սիանոսեան (1994-ի ծնունդ)։
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Զոհրապ Սիանոսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: