Փաշինեան Եւրոխորհուրդի Նախագահին Հետ Կը Քննարկէ ՀՀ-ԵՄ Յարաբերութիւններու Զարգացման Քայլերը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ Պրիւքսելի մէջ կը քննարկէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման յետագայ քայլերը:

Այս մասին Փաշինեան գրած է «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ:

«Կը քննարկենք Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման յետագայ քայլերը»,- գրած է ան:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հանդիպումը Քորոնա ժահրի տարածման պատճառով մեկնարկած է առանց ձեռք սեղմելու: