
Վսե՜մ Կոչում
Աւետիս Ռազմիկ
«Արարատ» օրաթերթ
Հակասական ապրումներ կը համակեն մեզ պահ մը, երբ օրացոյցին դիմաց կանգնելով կը յիշենք, թէ ուսուցչաց վաստակին պէտք է անդրադառնանք այսօր:
Հակասական՝ իր դրական եւ բացասական երեսակներով, երբ անգամ մը եւս մեր մտասեւեռումները կ’ուղղուին ազգային-ընկերային երեւոյթի մը շուրջ, որ կարծէք անուղղելիօրէն մնացած է հինէն, մնալու համար խոցելի կէտ մը դարմանի կարօտ:
Ուսուցիչները խլած են գովասանքներու տարափին մեծ տոկոսը: Ներբողներու անվերջանալի շարաններ կարելի է մտաբերել եւ նորերը գեղահիւսել դաստիարակներու առաքելութիւնը փառաբանող: Սրտազեղ եւ հոգեյոյզ ինչքա՜ն բարեմաղթանքներ կարելի է շռայլել ուսուցիչներու հասցէագրուած: Չեն սպառիր կարծեմ:
Յետահայեաց ակնարկ մը ուսուցիչներու անձնուէր ծառայութեան ու սերունդներու վրայ ունեցած անոնց անջնջելի դրոշմին եւ ասոնց դիմաց ընկերութեան կողմէ անոնց հանդէպ դրսեւորուած քմահաճ եւ արհամարհական վերաբերումին, անխուսափելի եւ արդարացի զայրոյթ մը կը յառաջացնէ անկասկած անոնց մօտ, որոնք կը փափաքին տեսնել առարկայական գնահատումը դաստիարակին: Եւ յա՛տկապէս՝ հայ դաստիարակին:
Ամէն ժամանակաշրջան, կը նկատենք, թէ ուսուցիչը իր պինդ ուսերուն կրած է ազգանուէր պարտականութեան ծանր բեռը: Ուսուցիչին ազատատենչ ու լուսաւոր գաղափարները եղան հունտերը փթթող երիտասարդութեան յառաջադէմ մտածողութեան, տակաւին յետամնաց այն գաւառներուն մէջ, ուր տիրական էր աւանդական խաւարամտութիւնը: Ան էր որ սերունդները իրարու օղակեց հայրենասիրական ոգիով, զանոնք կոփեց ազգասիրական վեհ միտքերով: Ապա՝ ան էր որ անապատի աւազներուն վրայ, վրաններու տակ ու խարխուլ խղիկներու մէջ ազգային նուիրական աւանդոյթները փոխանցեց նորածիլ հայոց: Իրենց կարելին ըրին ազգը կազմակերպելու, համախմբելու եւ լաւատեսութեամբ կռանելու: Ապա թէ ոչ, ո՞վքեր պիտի ստանձնէին այդ պատասխանատուութիւնը յաչս պատմութեան եւ ազգային արժանապատուութեան: Ծանր բեռը, կքիլ տուաւ զանոնք մարմնապէս, բայց բնաւ՝ բարոյապէս:
Ուսուցչութիւնը արհեստ չէ: Ոչ ալ աշխատանք կամ պատաղանք: Այլեւ՝ կոչում: Բանաստեղծ եւ իր կարգին ուսուցիչ Դանիէլ Վարուժան կը հաստատէ՝ «վսե՜մ կոչում», որ՝ «թոք կը սպառէ, միտք կը լլկէ, շունչ կու տայ»:
Տեղին է ընդգծել բացորոշ տարբերութիւնը դասատուին եւ ուսուցիչին միջեւ: Ոմանք կը շփոթեն մէկը միւսին հետ: Ուսուցիչը դաս ու գիտելիք փոխանցող անձը չէ լոկ, այլեւ՝ դաստիարակողը, ուղղութիւն տուողն ու նկարագիր շաղախողը: Կարծէք խմոր կը հունցէ ձեւաւորելու համար ցանկալի սերունդը, վաղուան պիտանի եւ օգտակար մարդը: Մեսրոպ Մաշտոց բոլոր ժամանակներուն ուսուցչապետն է օրինակ, որ դարերէ ի վեր իր կ’ուսուցանէ. չէ դադրած վսեմ կոչումը անոր:
Ուսուցիչներու արդար եւ շօշափելի գնահատութեան առթիւ իր խօսքը ունեցած է նաեւ Յովհ. Թումանեան տակաւին 1913-ին. «ինչքան ծանօթ եմ հայ ուսուցչին ու նրա կեանքին, ես կարծում եմ ամենագլխաւոր պատճառն էն է, որ հայ ուսուցիչը խեղդուած է նիւթական նեղ վիճակի մէջ, չի կարողանում ապրել, չի կարողանում հաստատ ու սրտալի կանգնել իր տեղը, իր կոչումի բարձրութեան վրայ եւ հետզհետէ չի կարողանում զարգանալ ու զօրանալ թէ մտաւորապէս եւ թէ բարոյապէս»: Վէրք մը որ միշտ մնացած է օրակարգի վրայ:
Այս օրերուն, երբ յաջորդաբար, հոս ու հոն, հայկական դպրոցները կը փակեն իրենց դռները, կամ, հոս ու հոն, կը նօսրանայ աշակերտութեան թիւը եւ ծնողներ կը նախադասեն օտարի ուսումն ու անոր ջամբած խորթավարի կրթութիւնը, բնականաբար պիտի բարձրանայ հրատապ հարց մը, որո՞ւ համար շատեր պատրաստուեցան բոլորապտուղ նուիրումով ծառայելու հայ կրթութեան ու լեզուին, հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային ոգիին: Երբ կը կարդանք տասնեակ դպրոցներու անուններ, որոնք փառաւոր անցեալէ ետք ճկած են պատմութեան փոշիներուն տակ, երբ կը տեսնենք վարժարաններ, որոնց բակերը դատապարտուած են մեռելային լռութեան՝ սգաւորի հանգոյն, ինքնըստինքեան պիտի մտաբերենք այն բազմատասնեակ վաստակեալ ուսուցիչները, որոնք մնացին առաքելութենէ զուրկ եւ խորտակուեցաւ վսեմ կոչումը անոնց: Ցաւալի իրականութիւն:
Լաւատեսութեամբ թանաք հոսեցնող Դ. Վարուժան կը նկարագրէ ուսուցիչին կոչումը՝ «Կը ցանէ սէրն՝ անձնուիրութիւն քաղելու» եւ «Անոնց կոկոն ուղեղին մէջ կիսաբաց կը զետեղէ ճառագայթներ»: Իսկ երբ խոնջ ուսերը անոր արդէն կը յոգնին՝ «Եւ այսպէս օր մ’երբոր ըլլայ զոհ մը, ծեր, մեռնելու մօտ եւ հոգեվարք, պիտ’ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք՝ թէ՝ իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ’ապրի՜ դեռ»:
Սակայն, գլխովին շրջուած է կացութիւնը այսօր, երբ պայմաններու բերումով եւ ճնշիչ հանգամանքներու գլանին տակ, շատ կանխահաս կը դադրի ուսուցիչին կոչումը: Կը կտրեն նուիրական թռիչքը անոր՝ հոգեպէս հարուածելով անպատկառօրէն: Միջակութիւններ, կրթութենէ հեռու եւ ինքնահաճ նորահարուստներ անգութ վճիռներով դպրոցներու մահազդներ կը պատրաստեն՝ մոռնալով որ սերունդներու պորտակապն է որ կը խզեն՝ ծանրօրէն պախարակելի: Ինչո՞ւ, որովհետեւ հրապարակը խճողեցին աւելի նիւթի մարդիկ, քան՝ միտքի. ազգային հասարակական, եւ հետեւաբար կրթական կեանքը մարդիկ վերածեցին կրկէսի, ուր ազատօրէն իրենց ճարտարութիւնները կը ցուցահանեն նորայայտ կերպարներ:
Վսե՜մ կոչում… դուք հարցուցէք անոր նուիրեալներուն, որոնք ամէն տարեվերջ սրտի ահաբեկ տրոփիւնով կը սպասեն իրենց դպրոցի ճակատագիրին մասին իմանալու: Ամէն տարի, երբ սուգի նոր վարագոյր մը կ’իջնէ այս կամ այն վարժարանին վրայ, երբ յուզաթաթաւ ուսուցիչներ կը հեռանան կրթական ասպարէզէ եւ կը թողլքեն կոչում թէ նուիրում, ուստի՝ անպատասխանի կը մնայ հարցերուն հարցը՝ ուսուցիչը ի՞նչ պիտի ընէ կոչումը, գեղեցկօրէն բաշխուած դրուատանքները, երբ չքացած են ծաղիկ ու մատաղ ոստերը վաղուան սերունդներուն:
Կրթական կեանքի զինուորեալ կոչումի տէր դաստիարակներ խօսքէ աւելի կարիքն ունին գործի՛, գործնակա՛ն եւ յստա՛կ քայլերու: Այլապէս՝ Մարտ 9-ի առիթով շատրուանուած լոզունգները վաղանցուկ են եւ կրկնուած:
Տօնդ շնորհաւոր ուսուցիչ: Վսեմ կոչումի տէր դաստիարակ: