Ոսկեպարի Մէջ Ատրպէյճանական Կրակոցներէն տուներ Վնասուած են

Հայաստան

Մարտ 9-ի առաւօտեան հակառակորդը շարունակած է կրակել  հայ-ատրպէյճանական  պետական սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ: Ոսկեպարի գիւղապետ Սերոբ Մախսուդեան «Ռատիոլուր»-ին տեղեկացուցած է, որ  կրակահերթեր արձակուած են, բայց գիւղը ուղիղ նշանառութեան տակ չէ եղած:

Ըստ գիւղապետին`  կրակոցները աւելի շատ  ստուգողական բնոյթ ունեցած են:

Իսկ երէկ՝ Մարտ 8–ին,  ժամը մօտ 15:00-ին ատրպէյճանական կողմը գնդակոծած էր Ոսկեպարը: Գիւղապետին խօսքով` ատրպէյճանական զինուժը մօտ կէս ժամ գնդակոծած  է գիւղը` հրաձգային զէնքերէ արձակելով 2 կրակահերթ, որուն հետեւանքով քանի մը տուն տարբեր աստիճանի վնաս կրած է, վնասուած է նաեւ բակի մէջ կայանուած մինքնաշարժ մը: