108 Միլիոն Դրամ Կարէն Վարդանեանի Կողմէ` Արցախի Բազմազաւակ Հերոս Մայրերուն

Հայաստան

«Կրանտ Հոլտինկ»-ի  սեփականատէր, բարերար Կարէն Վարդանեան, Կանանց միջազգային օրուան` Մարտ 8-ի առթիւ, 500 հազարական դրամի աջակցութիւն տրամադրած Արցախի բոլոր 216 բազմազաւակ ընտանիքներուն, որոնք ունին 6 եւ աւելի անչափահաս երեխայ:

Բարեգործական ծրագիրին ընդհանուր արժէքը 108 միլիոն դրամ է:
Աւելի մանրամասն` տեսանիւթին մէջ: