
«Քորոնա» Ժահրի Դէմ Կանխարգելիչ Միջոցներ՝ Սպահանի եւ Ատրպատականի Հայոց Թեմերէն Ներս
Իրանահայ թեմերուն մէջ «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի հարցով ազգային իշխանութիւններուն տարած աշխատանքներու կապակցութեամբ «Ալիք»-ի թղթակիցը հեռախօսազրոյց ունեցած է Սպահանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմերու Թեմական խորհուրդներու ատենապետեր՝ Վարուժ Մինասեանի եւ Ռուբիկ Ջանանեանի հետ:
Այդ հարցով Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մինասեանը ընդգծած է, որ մեկնելով պետական օրգաններու հրապարակած յայտարարութիւններէն ու յանձնարարութիւններէն, համայնքը վարակէն զերծ պահելու նպատակով՝ փակուած են հայոց դպրոցներն ու Հ. Մ. Մ. «Արարատ» միութիւնը: Ազգային իշխանութեան վերահսկողութեամբ ու նիւթական միջոցներով հականեխուած են դպրոցներն ու միութիւնը, դադրած են եկեղեցական արարողութիւնները, բոլոր ձեռնարկները եւ հոգեճաշերը: Ազգային առաջնորդարանը՝ անսալով պետական հրամանագրի հրահանգին՝ պակսեցուցած է աշխատաժամերը առաւօտեան ժամը 8-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:30, նաեւ ազգային առաջնորդարանի աշխատակազմը կ՝աշխատի ոչ լիակազմ: Ատենապետը ընդգծած է, որ Թեմական խորհուրդի յանձնարարութեամբ Նոր Ջուղայի կանանց Գթութեան միութիւնը՝ «Կարմիր Խաչ»ը, Նոր Ջուղայի Հայուհեաց Բարեգործական միութիւնը եւ ազգային առաջնորդարանի բարեսիրական ենթամարմինը պատրաստած են մաքրութեան վերաբերեալ կապոցներ եւ գումարային նպաստի գնումներու կտրոններ, կարիքաւոր ընտանիքներուն համար:
Անդրադառնալով Նոր Ջուղայի ծերանոցին, ան ընդգծած է, որ արգիլուած է տարեցներուն այցելութիւնները, իսկ Իրանի Կարմիր մահիկ կազմակերպութեան կողմէ ազգային առաջնորդարանին եւ կառոյցներուն մէջ՝ պաշտօնեաներուն համար՝ նկատի առնուած են ուսուցման դասերը՝ «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի հարցով: Անդրադառնալով հայոց դպրոցներուն, ան ընդգծած է, որ բոլոր ուսուցիչները առցանց կապի մէջ են աշակերտներուն հետ, աշակերտներուն ուսուցանումը հեռակայ կարգով շարունակելու համար:
Ան ժողովուրդը յորդորած է յարգելու առողջապահական բոլոր զգուշացումները:
«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին առումով՝ Ատրպատականի հայոց թեմէն մէջ ծաւալուած աշխատանքներուն մասին Ատրպատականի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան ընդգծած է, որ պետական օրգաններու յայտարարութեան համաձայն, ազգային առաջնորդարանի աշխատաժամերը եւս պակսելով դարձած է առաւօտեան 8-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:30:
Ան նշած է, որ ինչպէս ամէն տեղ, փակ են նաեւ Ատրպատականի հայոց թեմի դպրոցական բոլոր օղակները, դադրած են եկեղեցական արարողութիւնները, սակայն միայն Կիրակի օրը՝ առանց արարողութեան՝ բաց է եկեղեցւոյ դռները, իսկ ննջեցեալի պարագային միայն կ՝իրականացուի թաղման կարգը, դադրած են Ատրպատականի Հ.Մ.Ա.Կ.-ի մասնաճիւղերուն, «Ռոստոմ-Գասպար» գրադարանին եւ «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին աշխատանքները:
Թեմական խորհուրդի ատենապետին հաւաստիացումով՝ ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ՝ հականեխուած են ազգային բոլոր հիմնարկները եւ չեղարկուած են բոլոր ձեռնարկները:
Ան ընդգծած է, որ ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ նմանօրինակ քայլեր կիրառուած են նաեւ Ուրմիայի, Գեարդաբադի եւ Սալմաստի մէջ:
Ատրպատականի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետը յոյս յայտնած է, որ բոլորը յարգեն ժահրով վարակուելու կանխարգելիչ առաջադրանքները: