ՊՆ Մամուլի Խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Կը Հեռանայ Իր Պաշտօնէն

Հայաստան

Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան կը դադրեցնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղարի պարտականութիւնները: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է Արծրուն Յովհաննիսեան.

Ան, մասնաւորապէս, գրած է.

«Յարգելի գործընկերներ ես այսօրուընէ կը դադրեցնեմ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղարի պարտականութիւններու կատարումը: Շնորհակալ եմ բոլորին համատեղ ծառայութեան համար:

Առաջին հերթին շնորհակալ եմ իմ բոլոր ղեկավարներուն:

Շնորհակալ եմ ՀՀ ԶՈՒ-երու իւրաքաչիւր զինուորին եւ սպային, որ լիազօրուած եղած եմ եւ պատիւ ունեցած եմ հանրութեան ներկայացնել անոնց շահերը: Շնորհակալ եմ բոլոր լրատուամիջոցներուն համատեղ աշխատելու համար:

Ծառայութեան 23 տարիներու ընթացքին երազած եմ զբաղիլ ռազմական կրթութեամբ: Ուրախ եմ, որ իմ ծառայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերուն  մէջ պիտի շարունակեմ ռազմական կրթութեան ոլորտին մէջ:

Կը ծառայեմ Հայաստանի Հանրապետութեան»: