
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ստորագրած է Հանրային Փակ Տարածքներուն Մէջ Եւ Սնունդի Տեղերու Մէջ Ծխելը Արգիլող Օրէնքը
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է «Ծխախոտային արտադրատեսակներու եւ անոնց փոխարինիչներու օգտագործման հետեւանքով առողջութեան հասցուող վնասի նուազեցման եւ կանխարգիլման մասին», «Տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքը եւ յարակից եւս չորս օրէնքներ:
Անոնցմով մասնաւորապէս կ՛արգիլուի ծխելը հանրային փակ տարածքներուն, ինչպէս նաեւ հանրային սնունդի բոլոր տեղերուն մէջ: Այդ օրէնքներուն նպատակն է նուազեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ծխախոտի օգտագործումը, եւ սպառումը, պահպանել բնակչութեան առողջութիւնը` պաշտպանելով երկրորդային ծուխի ազդեցութենէն եւ նուազեցնել ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու հիւանդութեան ցուցանիշները:
«Մեր կեանքին մէջ շատ գործողութիւններ կը պայմանաւորենք ընտանիքով, մեր երեխաներով ու անոնց ապագայով: Ատիկա մենք կ՛ընենք մեր ներքին համոզումով, մեր ներքին պահանջով, մեր ազգային արժէքներուն հաւատարիմ: Չծխելով` մենք եւս մէկ քայլ կ՛ընենք ի պաշտպանութիւն ընտանիքի, ի պաշտպանութիւն մեր սերունդներուն:
… Փորձինք ապրիլ աւելի առողջ կենսակերպով: Առողջութիւնը որեւէ տեսակի` մտաւոր, ֆիզիկական թէ հոգեւոր գործունէութեան յաջողութեան երաշխիք է»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան: