
ՀՅԴ Գանատայի Պատանիները Պիտի Մասնակցին Լոռի-Ջաւախք Զօրակցական Նախաձեռնութիւններուն
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնները նշեցին Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորման տարեդարձները
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը կը յայտնէ, որ 29 Փետրուար 2020-ին, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ մեծ շուքով նշուեցան Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորման տարեդարձները:
Դաշնակցական Պատանիին համար անհրաժեշտութիւն է իմանալ իր ժողովուրդի անցեալը, որովհետեւ, ներկայ իրադրութիւններու նորովի ընկալման համար, յաճախ պէտք է դիմել անցեալին: Արցախեան հիմնահարցը ներկան է, սակայն անոր արմատները կու գան անցեալէն՝ Մայիս 1918-էն եւ Փետրուար 1921-էն:
Փետրուարեան ապստամբութիւնը պատմականօրէն եղաւ առաջին պոռթկումը պոլշեւիկեան բռնակալութեան դէմ: Եւ Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս ստանձնեց ղեկավարի դերը եւ հանդէս եկաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ՝ ազգային միասնութեան եւ ազատութեան գաղափարներ մարմնաւորողի դերով: Փետրուարեան Ապստամբութեան խորհուրդէն ներշնչուած` Արցախեան ազատագրական պայքարը սկսաւ 1988-ին, նոյն ռէժիմին կողմէ Արցախը ազերիներուն յանձնուելուն պատճառով: Բայց Հայ ժողովուրդը ազատագրեց ե՛ւ Արցախը: Արցախը եղաւ ու է մեր պատիւը, մեր հպարտութիւնը: Եւ այդ հպարտութիւնը ամբողջական դարձաւ, երբ պատմական դարաւոր եւ նշանաւոր քաղաքը, Շուշին, ազատագրուեցաւ 8 Մայիս 1992-ին:
Իսկ հիմա, քաջ գիտակցելով որ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ՀՅԴաշնակցութիւնը պիտի դիմէ նախաձեռնութիւններու եւ նկատի ունենալով որ Գանատայի շրջանը քոյր շրջան է Լոռիի մարզի եւ Ջաւախքի հետ, պատանիները պիտի մասնակցին Լոռի-Ջաւախք զօրակցական հաւաքին:
Որովհետեւ Դաշմնակցական Պատանին կը խոստանայ որ իր պատմութիւնը վառ պահելով, պիտի պայքարի օտարամոլութեան վտանգին դէմ, հակահայ թրքական եւ ազերիական քարոզչութեան դէմ:
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմին