
Մարտ 9-10-ին Երեւանի Մէջ Ջերմաստիճանը Պիտի Հասնի +21-ի
Ափրիկէի հիւսիսային շրջաններէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ներթափանցումով, Մարտ 8-10-ին օդի ջերմաստիճանը հանրապետութեան ողջ տարածքին աստիճանաբար պիտի բարձրանայ եւս 4-5 աստիճանով: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱԻՆ օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ Գագիկ Սուրէնեան:
«Ամենաբարձր ջերմաստիճանները պիտի արձանագորւին Մարտ 9-10-ին, Սիւնիքի եւ Տաւուշի հովիտներուն մէջ` հասնելով +20․․․+24, Արարատեան դաշտին եւ Երեւանի մէջ` +20․․․+21 աստիճանի:
Եթէ վերջին 3 օրերուն հանրապետութեան տարածքին օդի ջերմաստիճանը բնականէն բարձր է 4-6 աստիճանով, ապա արդէն Մարտ 9-10-ին այն բնականէն բարձր պիտի ըլլայ 8-10 աստիճանով»,- գրած է աա ֆէյսպուքի իր էջին վրայ: