ՀՕՄ-ի Հիմնադրութեան 110-ամեակի Ձեռնարկներուն Առթիւ Պտոյտ Դէպի Հայաստան-Արցախ

Հայաստան, Սփիւռք

Այս տա­րի Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւ­նը պի­տի նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կը։ Իր ա­ռա­քե­լու­թեան ու­ղիին վրայ, ՀՕ­Մ-ը ար­ձա­նագրած է զա­նա­զան նո­ւա­ճում­ներ ու ձեռք­բե­րում­ներ, եւ իր ժո­ղովր­դա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան հո­լո­վոյ­թին ընդ­մէ­ջէն ու­նե­ցած է իր ան­յա­պաղ ներդ­րու­մը սփիւռ­քեան եւ հայ­րե­նի­քի աշ­խա­տանք­նե­րէն ներս։

Առ այդ, այս տա­րի ա­ռիթ մըն է որ ան­գամ մը եւս, ար­ժա­նա­վա­յել ձե­ւով տօ­նա­կա­տա­րենք մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան նո­ւա­ճում­նե­րը եւ վե­րա­նո­րո­գենք մեր ուխ­տը շա­րու­նա­կե­լու մեր ազ­գա­նո­ւէր աշ­խա­տան­քը։

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՀՕ­Մ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան,
110-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան
Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ
Օ­գոս­տոս 30-էն մին­չեւ Սեպ­տեմ­բեր 10, 2020։

Բո­լոր ա­նոնք ո­րոնք կը փա­փա­քին ներ­կայ գտնո­ւիլ այս մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն, խնդրենք կապ հաս­տա­տեն Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան գրա­սե­նեա­կին հետ, Եր­կու­շաբ­թիէն-Ուր­բաթ ժա­մը 09:00-14:00։

Յե­տա­գա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց հա­մա­պա­տաս­խան սա­կե­րով լոյս կը տես­նեն։

Հ.Կ.ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ