
Բանակին Մէջ Կ՛իրականացուին Կանխարգելիչ Քայլեր
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ անձնակազմի մէջ նոր Քորոնա ժահրի ներթափանցումը կանխարգիելու նպատակով զինուած ուժերուն մէջ կ՛իրականացուին շարք մը ժամանակաւոր քայլեր:
Օրինակ՝ ռազմաբժշկական հաստատութիւններու մէջ անցագրային խիստ կարգը սահմանունած է, մուտքը կը թոյլատրուի միայն հսկիչ անցագրային կէտերին վրայ ջերմութիւնը չափելէն ետք` բժշկական պաշտպանիչ դիմակներով:
Դադրած է նաեւ հետազօտման եւ բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, երկարամեայ ծառայութեան եւ հաշմանդամութեան զինուորական կենսաթոշակ ստացող նախկին զինծառայողներու, ինչպէս նաեւ մարտական գործողութիւններու մասնակիցներու եւ այլ շահառուներու բժշկական օգնութեան ու սպասարկման կազմակերպումը:
Պետութեան կողմէ երաշխաւորուած անվճար եւ արտօնեալ պայմաններով բժշկական օգնութեան ու սպասարկման ուղեգիրներու տրամադրումը կ՛իրականացուի հսկիչ-անցագրային կէտերէ` բացառելով վերջիններուս մուտքը ստորաբաժանումներու տարածք:
Շարքային կազմի պարտադիր զինծառայողներուն արձակուրդ կը տրամադրուի օրէնքով նախատեսուած յատուկ պարագաներու միայն: