
Սուրիոյ Բանակը Սարաղեպը Վերստին Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ
Սուրիոյ բանակը` Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալներուն դէմ նուազ քան 24 ժամուան բախումներէ ետք Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող ռազմավարական Սարաղեպ քաղաքը վերստին առաւ իր վերահսկողութեան տակ եւ սկսաւ մաքրագործել զինեալ խմբաւորումներուն անոր մերձակայքը գտնուող մնացորդացը:
Սուրիոյ բանակի հրետանին նաեւ հարուածեց Քամինաս գիւղին մօտ տեղակայուած թրքական հրետանիները, որոնք Սարաղեպի կռիւներուն ընթացքին կը ռմբակոծէին սուրիական ուժերը:
Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ Իտլիպի օդային տարածքը թռիչքներու համար փակ յայտարարելէն ետք Սուրիոյ մէջ ռուսական հաշտութեան կեդրոնը զգուշացուց, որ Մոսկուան այսուհետեւ անկարող է երաշխաւորել Սուրիոյ վերեւ թրքական օդանաւերու թռիչքները: