
Ն. Փաշինեանի, Յ. Տէր-Խաչատուրեանի եւ Ի. Սաղաթելեանի Միջեւ Հանդիպում Կայացած է
Մարտ 4-ին, տեղի ունեցած է հանդիպում ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի միջեւ: Հանդիպման մասնակցած է ՀՀ Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակէն:
Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուած են համահայկական եւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ: