
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Պատասխանէ «CNN Greece»ի Ապատեղեկացնող Յօդուածին
Յունական «CNN Greece» ծանօթ կայքէջին վրայ, 28 Փետրուարին լոյս տեսաւ յօդուած մը՝ ստորագրուած Էվանկելոս Վենեթիսի կողմէ, որ կը ներկայանայ որպէս Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի հարցերու փորձագէտ։
Յօդուածագիրը կը խօսի Խոջալուի դէպքերուն մասին եւ զանոնք կը վերագրէ հայերուն, յայտնելով ծանօթ յանկերգը, թէ հայերը կատարեցին ազերի անմեղ բնակիչներու ջարդը (https://www.cnn.gr/focus/apopseis/story/209431/h-sfagi-toy-xotzali-ston-polemo-armenias-azermpaitzan-gia-to-nagkorno-karampax)։ Յանկերգ մը, որ վարժուած ենք լսել ազերիական կողմէն, սակայն այս անգամ «փորձագէտ»ի մը ստորագրութեամբ ներկայացուած գրութիւն մըն է, որ կը փորձէ «փաստացի» երեւիլ, նոյնիսկ ակնարկելով արեւմտեան աշխարհի թերթերու կողմէ եղած հրապարակումներու, որոնք անոնք եւս ազերիական ծանօթ քարոզչութեան արձագանգը տուած են անցեալին։
Անմիջական եղաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին հակազդեցութիւնը «CNN Greece»ի յօդուածին համար, որ նամակով մը պատասխանեց կայքէջին եւ մանրամասն կերպով ներկայացուց պատմական իրողութիւնը եւ ատրպէյճանական սադրանքներն ու ապատեղեկատուական քարոզչութիւնը։