Համաշխարհային Դրամատունը 12 Միլիառ տոլար Շտապ Օգնութիւն Պիտի Յատկացնէ Քորոնա Ժահրի դէմ Պայքարին

Աշխարհ

Համաշխարհային դրամատունը ոոշում ընդունած է 12 միլիառ տոլար անյետաձգելի օգնութիւն յատկացնել նոր Քորոնա ժահրի դէմ պայքարին:

Այդ մասին ըսուած Է դրամատան Մարտ 3-ին տարածած յայտարարութեան մէջ:

«Քանի որ COVID-19-ը ընդգրկած Է աւելի քան 60 երկիր, Համաշխարհային դրամատունը պիտի ապահովէ մինչեւ 12 միլիառ տոլարի չափով սկզբնական փաթեթէն օգտուելու հնարաւորութիւն` որպէս անյետաձգելի օգնութիւն հիւանդութեան համաշխարհային բռնկման բժշկական ու տնտեսական հետեւանքներու յաղթահարման գործին», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:- Այդ ֆինասնաւորումը կոչուած Է օգնելու անդամ պետութիւններուն` արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելու COVID-19-ի ողբերգական հետեւանքներուն հակազդելու համար»:

Կազմակերպութենէն պարզաբանած են, որ միջոցները պիտի օգտագործուին «առողջապահութեան համակարգերու ամրապնդման գործին մէջ, ինչպէս` բժշկական ծառայութիւններէն օգտուելու հնարաւորութիւններու ընդլայնման հարցով զարգացող երկիրներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար»:Ըստ ԹԱՍՍ-ի՝ խօսքը կը վերաբերի ֆինանսական փաթեթի, որ ցած ու միջին եկամուտներ ունեցող պետութիւններուն պիտի ապահովէ դրամաշնորհներով եւ ցած տոկոսով վարկերով։: