
Հակառակորդի Նախայարձակ Գործողութենէն Տուժած Զինծառայողները Հատուցում Պիտի Ստանան
ՀՀ ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց կառավարութեան կողմէ ներկայացուած օրէնքի նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի ընդլայնել «Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»-ի շահառուներու շրջանակը, հատուցում տրամադրել նաեւ այն զինծառայողներուն, որոնց կեանքին կամ առողջութեան վնաս հասած են հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններէն։
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեանը պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով փոփոխութիւն եւ լրացում կատարելու մասին օրինագիծը ԱԺ նիստին ներկայացուցած էի ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Պալայեանը:
Նախագիծով կ՛առաջարկուի, որ հիմնադրամի շահառու հանդիսանան ոչ միայն ուղղակիօրէն մարտական գործողութիւններու կամ մարտական հերթապահութեան, կամ յատուկ առաջադրանք իրականացնելու ժամանակ այն զինծառայողները, որոնք վիրաւորած կամ զոհուած են անմիջականօրէն շփման գիծի վրայ, այլ նաեւ ներառուին հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններու հետեւանքով կեանքին կամ առողջութեան վնասի դէպքերը : Այսինքն, եթէ զինծառայողը վնասուածքը ստացած է հակառակորդի կողմէ նախաձեռնած գործողութեան հետեւանքով, ձեռք բերած է առաջին կամ երկրորդ կարգի հաշմանդամութիւն, պիտի ներառուի շահառուներու ցանկին մէջ եւ հատուցում պիտի ստանայ: Ան պիտի ներառուի շահառուներու ցանկին մէջէ անկախ անկէ, թէ վնասը ստացած է մարտական հերթապահութեան ժամանակ, յատուկ առաջադրանք կատարելու արդիւնքով, թէ ոչ:
Նախագիծը ընդունուած է 114 կողմ ձայնով: