
Բոլոր Հայու Վաստակներն ու Այլ Ազգերը Թող Չքուին, Հեռանան Մեր երկրէն. Թուրք Հաղորդավար
Այժմեան Թուրքիոյ Ուրֆա քաղաքի տեղական հեռուստաընկերութիւններէն մէկուն հաղորդավարը եթերով հանդէս եկած է այլատեաց ելոյթով։ Ան, փորձելով արդարացնել Իտլիպի մէջ թուրքերու ռազմական գործողութիւնները, Թուրքիայէն չքուելու կոչ ըրած է այդ երկրին մղջ ապրող այլազգ քաղաքացիներուն, ներառեալ՝ հայերուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով yeniakit.com.tr-ը։
«Կրնան ըլլալ մարդիկ, որոնք կը կարծեն, որ այս երկիրը իրենց հայրենիքը չէ, այս ազգը իրենցը չէ։ Ահա անոնց համար ստեղծուած է հրաշալի հնարաւորութիւն։ Քանի դեռ սահմանները բաց են փախստականներու համար, դուք ալ կրնաք փախստականի կերպարանքին մէջ մտնել ու չքուիլ, հեռանալ այս երկրէն։
Դուք կրնաք ըսել․ ես այս երկրի զաւակը չեմ, ես ռուսի թոռ եմ, գերմանացիի որդի եմ, անգլիացիի թոռ եմ, հայու վաստակ եմ․․․ կրնաք ըսել։ Եթէ այդպէս է, դարպասները ձեզի կը սպասեն, չքուեցէք, հեռացէք»,- եթերով յայտարարած է հաղորդավարը։