Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 3-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:

Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին զրոյցը առաւելաբար կեդրոնացաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վրայ: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը իր կարգ մը մտահոգութիւնները փոխանցեց դեսպանին: