
Արամ Ա. Կաթողիկոսը Սարգիս Արմէնեանը Յետ Մահու Պարգեւատրեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով
Փետրուար 29-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ թաղումը Համազգայինի շքանշանակիր եւ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Արմէնեանի:
Թաղման արարողութեան նախագահեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ այս առիթով արտասանած դամբանականին մէջ անդրադարձաւ Սարգիս Արմէնեանի կենսագրականին՝ լուսարձակի տակ առնելով հայկական եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ անոր ունեցած նուիրեալ ներդրումը եւ իւրայատուկ դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ, որ Սարգիս Արմէնեան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան վերջին 50 տարիներու պատմութեան մէջ ունեցած է նշանակալից ներդրում, ինչպէս նաեւ Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարանին մէջ մաս կազմած է Ազգային երեսփոխանական ժողովներուն, Ազգային վարչութիւններուն եւ տնտեսական խորհուրդներուն: Ան յայտնեց, որ Սարգիս Արմէնեանի համար ծառայութիւնը եղաւ հոգեկան գոհունակութեան աղբիւր, ամէնօրեայ ապրում եւ տագնապ ու աւելցուց, որ ան իր ստանձնած աշխատանքները տարաւ բացառիկ բծախնդրութեամբ:
Իր քարոզի աւարտին Շահէ սրբազանը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառին ցաւակցութիւնները՝ հաստատելով, որ կաթողիկոսը Լիբանանի թեմի առաջնորդութեան իր ստանձնած ժամանակահատուածին մօտէն ճանչցած է Սարգիս Արմէնեանը եւ անոր գործունէութիւնը թեմին մէջ ու այս առիթով վեհափառը յետ մահու հանգուցեալին շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:
Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այս առիթով Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանի ցաւակցագիրը փոխանցեց Արմէնեանի հարազատներուն:
Յայտնենք, որ Սարգիս Արմէնեան երկար տարիներէ ի վեր եւ մինչեւ իր մահը ձեռնհասօրէն վարեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին ատենապետի պաշտօնը: Ան Համազգայինի եւ կուսակցական իր աշխատանքներուն կողքին, երկար տարիներ մաս կազմեց նաեւ Ճիպէյլի Միջազգային փառատօնի տնօրէն խորհուրդին:
Ապա Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, դամբանական արտասանեց վարչութեան անդամ Լորիկ Սապունճեան, որ անդրադարձաւ Համազգայինի մէջ Սարգիս Արմէնեանի ունեցած բեղուն ու կարեւոր գործունէութեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Համազգայինի Լիբանանի մեծ ընտանիքին դամբանական խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան վեր առաւ Սարգիս Արմէնեանի հաւաքական կեանքին մէջ ունեցած ներդրումը, արժանիքները եւ վաստակը: