Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապատկան Վարժարաններուն Հալէպի Յաղթանակին Նուիրուած Տօնախմբութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի եւ կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Կրթական Խորհուրդին, Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին,«Գոլէժ» դպրոցի շրջափակը տեղի ունեցաւ Հայ Աւետ. Համայնքապատկան վարժարաններուն Հալէպի ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրման եւ Սուրիոյ խորհրդարանին ուղղուած երախտագիտութեան նուիրուած տօնախմբութիւնը:

«Գանձասար»-ի տեղեկութիւններով՝ տօնախմբութիւնը սկիզբ առաւ ՀԵԸ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային եւ հայրենասիրական երգերով: Սոյն նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի ղեկավարութեան անդամներ, Հալէպի նահանգապետարանի գործադիր գրասենեակի անդամ Տիմիթրի Իսա եւ Հալէպի Խորհուրդի քարտուղար Ճորճ Պախխաշ:

Աշակերտներուն խանդավառութիւնն ու խաղաղութեան առթած ուրախութիւնը ակնյայտ էին: Ուսստի աշակերտութիւնը անգամ մը եւս եկաւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու Սուրիական Հայրենիքին, անոր քաջարի բանակին եւ երկրի վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին:

Այս առիթով համայնքապետ վերապատուելին իր շնորհաւորական եւ երախտագիտական խօսքը ուղղեց ներկաներուն.«Սուրիական բանակը պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով արձանագրեց եւ պիտի շարունակէ արձանագրել իր յաջորդական յաղթանակները, որոնք նուաճուեցան նահատակներու արեամբ: Թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ բանակը ձեռք-ձեռքի, միահամուռ, բազմապիսի զոհողութիւններով յաղթեցին ահաբեկչութեան ՝ վերականգնելու համար Հալէպի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը»:

Ապա համայնքապետ վերապատուելին հաստատեց, որ նորահաս սերունդը գիտութեամբ սպառազինուած պատրաստ է դիմակայելու ամէն տեսակի դժուարութիւն:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղար Ֆատէլ Նաճճարը: Ան հաստատեց որ.«Հալէպը հզօր է երկրիս նախագահով եւ բանակով: Սուրիան եղած է եւ կը շարունակէ մնալ եղբայրութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան օրրանը»:

Մասնաճիւղի քարտուղարը նաեւ դիտել տուաւ, որ ահաբեկիչները եւ անոնց աջակիցները ոչնչացուցին թէ՛ եկեղեցիները եւ թէ մզկիթները, բայց մեր ժողովուրդը իր համահունչ դրուածքով միշտ զօրավիգ կանգնած է իր հայրենիքին եւ հողին:

Տօնախմբութիւնը առաւել ոգեւորութիւն ստացաւ Շատի Նաճճարի նուգախումբին կատարումներով եւ երգիչներ՝ Ռանա Մուաատի եւ Վահէի մեկնաբանած ազգային եւ հայրենասիրական երգերով:
Աւարտին համայնքապետ վերապատուելին իր խօսքը ուղղեց նաեւ ներկայ լրատումիջոցներուն: