Բաց Նամակ. Քառօրեայ Տօն

Յօդուածներ – Զրոյցներ
Յովսէփ Ն․ Սէֆէրեան
Առաջին անգամ չէ որ կ՛անդրադառնամ այս հարցին։
Նմանօրինակ յօդուածով/հարցազրոյցով հանդէս եկած եմ նախապէս եւս, Երեւանի տպագրական մամուլի մէջ։
Հարցը կ՛առնչուի Վարդանանց Պատերազմին եւ մեր Հայկական Բանակին։
Այս տարի, կարծես Բանակի Օրը աւելի արժանավայել նշուեցաւ, քառօրեայ պետական արձակուրդը իր դերը ունեցաւ այս պարագային, այսպէս, շատ մը ծնողներու առիթ տրուեցաւ Արցախ երթալու, այցելելու իրենզ զինուոր զաւակները, որոնք ազգանուէր ծառայութիւն կը մատուցեն բոլորիս համար՝ մեր սահմանները ամուր պահելով թշնամիի ոտընձգութենէն…
Արդարեւ, այս քառօրեայ տօնի երեւոյթը քաջալերեց զիս եւ յոյս ներշնչեց որ առաջարկս, մեր պատկան իշխանութիւններուն կողմէ,  հաւանաբար աւելի լուրջի առնուի եւ համապատասխան քայլեր կ՝առնուին այլեւս ամէն տարի քառօրեայ նշումով տօնելու ազգային մեր այս մեծ տօնը:
Շատ տարիներ առաջ , երբ Պարսկատան այցելելու առիթ ունեցայ, Րեզա Փահլեւի շահը պողպատէ բազուկով կը կառավարէր երկիրը եւ մադկային հաւաքները հսկողութեան տակ էին, որոշ  քանակէ մը աւելի խմբաւորում (հարսանիք, որեւէ այլ ձեռնարկ) պէտք է նախօրոք տեղեկացուէին Գաղտնի Սպասարկութեան մարմիններու՝ արտօնութիւն խնդրելով․ այդպէս, հայերն ալ, ամէն տարի կը դիմէին Պետութեան, Վարդանանց տօնակատարութեան հանդիսութիւն կազմակերպելու համար, երբ պետական պաշտօնեան կը հարցնէ թէ ինչ առիթով է այս հանդէսը․․․․ հայերը կը բացատրեն, որ 451  թուականին հայերը կռուած են պարսիկներու  դէմ
-Ո՞վ յաղթած է պատերազմը, կը հարցնէ պաշտօնեան
-Պարսիկները յաղթած են, կը պատասխանեն հայերը
-Կրնաք տօնել, արտօնութիւն կու տայ պաշտօնեան։
Հայ Ազգը, թերեւս միակն է, որ իր պատմութեան յիշարժան և անկիւնադարձային մէկ դէպքը,  Աւարայրի Ճակատամարտը, 15 դարերէ ի վեր պահած ու պանծեցուցած է իր յիշողութեան մէջ, ռազմական պարտութիւը վերանուանելով Բարոյական Յաղթանակ, եւ զայն վերածած է  Տօնի։
Սփիւռքի ողջ տարածքին, ամէնուր, այս Տօնին նուիրուած հանդիսութիւններ անպակաս են եւ մեր Հայրենիքի մէջ եւս, տարուէ տարի  կը ծաւալի գիտակցութիւնը այս գծով, սակայն այս ՕՐԸ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՕՆ ՉԷ, Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ, ազգային այս թուականը հասկնալիօրէն անտեսուած էr, հիմա արդէն ժամանակն է վերկանգնելու ազգային ու համամարդկային այս արժանիքը։
Վարդանանց Տօնը իսկապէս մեծ է ո՛չ միայն Հայ Ազգի համար, այլեւ համամարդկային առումով արժանի է նշուելու, քանզի այժմ արդիական դարձած է մարդու իրաւունքներու յորջորջումը, իսկ մեր քաջարի հերոսները զայն արժեւորած են 15 դարեր առաջ , եւ գիտակցօրէն իրենցմէ շատ աւելի հզօր ոյժի մը ՈՉ ըսելու արիութիւնը ունեցած են, եւ «Վասն Կրօնի ու Հայրենեաց», «Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է» հոգեխռով լոզունքները ստեղծած են՝ փաստելով աշխարհին, որ «տկար»ը պէտք չէ ենթարկուի «հզօր»ի քմահաճոյքին եւ խղճի ազատութիւնն ու կրօնի ընտրութիւնը անփոխարինելի եւ սրբազան իրաւունքն են իւրաքանչիւր անհատի ու հաւաքականութեան։
Այսօր մեր Արցախեան հիմնախնդրի լուծման առումով, երբ մենք նախապատւութիւնը կու տանք  ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ, ասիկա պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, այլ Վարդանանց գծած ուղիին շարունակութիւնն իսկ է:
Աշխարհը արագընթաց կը յառաջանայ դէպի համաշխարհայնացում, (globalisation) եւ երկիրներու առաջնորդները ճառեր կ`արտասանեն ի խնդիր ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու․․․
Մեր պատմութեան անկիւնադարձային այս «պարտութիւնը» աւելի ուշ  իսկական «յաղթանակ»ի վերածուած է, քանզի հզօր ոսոխը՝ տեսնելով, որ անհնար է յաղթել հայկական վճռականութեան ու  մարտավարութեան պարտիզանական մարտերուն (այս ալ համամարդկային նախընթաց կարելի է համարել), ուր հուժկու փիղերը հնարաւորութիւն չ՛ունէին լեռներու եւ ձորերու անակնկալ արշաւներու դիմադրութեան, տեղի տուած է եւ ընդունած է համակերպիլ հայկական դիրքորոշման՝ ստորագրելով Նուարսակի Դաշինքը, 484 թուականին։
Քրիստոնէական Կնիքն ու Դիմագիծը փոխած են մեր պատմութեան ողջ ընթացքը․․․․Քրիստոնէութեան սկիզբէն մինչ այդ թուականը, բոլոր Տիեզերական ժողովներուն մասնակցած մեր Ազգը, ճիշդ այդ թուականին, 451-ին,  Քաղկեդոնի մէջ գումարուած ժողովին պարզ է, որ չէր կրնար մասնակցիլ, եւ դիւանագիտական «լուծում»ի մը իբրեւ արդիւնք, այսպէս ծնաւ մեր ազգային եկեղեցին, պարզապէս ոչ թէ հակադրուելու համար Տիեզերական Ժողովին, այլ մեզ «անկախ» պահելով ամէն տեսակի աստուածաբանական վերիվայրումներէ․․․․եւ անոնց հետեւանք՝ քաղաքական մեկնաբանութիւններէն․․․․
Մեր Ազգի յատկանշական «իմաստութիւն»ներէն բխող որոշ դարձուածքներ տեղ գտած են մեր ազգային նկարագրին մէջ, օրինակ «մի ծաղիկով էլ Գարուն կը գայ» յատուկ է միայն մեզի, միւս բոլոր լեզուներով, անշուշտ եւ բնականաբար, ճիշդ հակառակը կ՝ընդգծուի, նոյնպէս ֆիզիքական պարտութիւնն ու ղեկավարին մահը Բարոյական Յաղթանակ կոչելն ալ իւրայատուկ է մեզի․․․
Ամէն ազգ, օրէնքով կը սահմանէ տարեկան հոգեւոր եւ ազգային տօները, միւս կողմէն ալ, նկատի առած տնտեսական մտահոգութիւններ, չի կրնար շատացնել տօներուն թիւը, չկորսնցնելու համար տնտեսութեան անհրաժեշտ արտադրողականութիւնը։ Ազգային Բանակը արժանի է իր Օրը ունենալու եւ այդ օրը նշանակուած է Յունուար 28-ին, երբ ստորագրուած է համապատասխան պետական հրամանագիրը՝ Ազգային  Բանակ ստեղծելու հետ կապուած, իսկ 28 Յունուարին առնչուող ոչ մէկ բարոյական եւ հոգեւոր արժէք կապուած է, պարզ թուական մըն է արժեւորուած սոյն հրամանագիրով։ Շատ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար Բանակի Օրը նշել Վարդանանց Տօնին, այսպիսով մեր  Զինուորագրեալ Մանկունք պիտի ունենային Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց, Մահ Իմացեալ անմահութիւն է լոզունքի օրհնաբեր յատկանիշները, օրը արձակուրդ պիտի ըլլար եւ հայ քաղաքացին յաւուր պատշաճի քառորեայ տօնով պիտի անդրարնար ե՛ւ Վարդանանց ե՛ւ մերօրեայ հերոսներուն։
Շատ ազգեր պատիւ պիտի զգային նման պատեհ առիթ մը ունենալու եւ իրենց բանակի օրը նշելու ազգային, պատմական օրուան մը առնչելով զայն։
Օրը օր, Տօնը տօն, բայց հարստացնել այդ Օրն ու Տօնը մեր պարտքն է․․․․ Այս գծով զրուցած եմ շարք մը մտաւորականներու եւ ազգային գործիչներու հետ, ոմանք կ՝ըսեն, որ Վարդանանց Տօնը փոփոխական է, ընդունեցի եւ առարկեցի, որ Քրիստոնէութեան Մեծագոյն Տօնն ալ, Սուրբ Յարութիւնը, Զատկի Տօնը շարժուն է, ի՞նչ կայ․..
Յունուար 28-ը միշտ չէ, որ այս տարուան նման Հինգշաբթի օրուան կը զուգադիպի, բայց Վարդանանքը միշտ Հինգշաբթի օր կը տօնուի, ու ահա այս տարուան օրինակով, ամէն տարի ալ քառօրեայ տօնակատարութեամբ եւ արժանավայել կրնանք նշել այս Մեծ Տօնը:
Սփիւռքի մէջ հասակ առած հայորդիս, Վարդանանց տօնին իմաստն ու արժէքը, օրին բարձր գնահատած եմ եւ Վարդանանց բնաբան «վասն Կրօնի ու Հայրենեաց» եւ «մահ իմացեալ անմահութիւն է» կարգախօսը յաճախ օգտագործած եմ բեմերէ, սակայն Հայրենիք հաստատուելու բախտը ունենալէս ետք, աւելի ու աւելի այդ յիշարժան թուականին ու պատմական մեծ իրադարձութեան մասին մտորելու պատճառ եւ առիթ կ՝ունենամ․․․
Պահ մը մոռնանք Սփիւռքը եւ վերադառնանք Հայաստան․․․
Ինչո՞ւ մեր Պետական ցուցակի տօներուն մէջ Վարդանանց տօնկատարութիւնը չէ ներառուած, այսքա՞ն արագ միջազգայնացանք, որ Մարտ 8-ը տօնի վերածենք, իսկ Վարդանանքը մոռնանք: Կը հասկնամ տօներու թիւը բազմացնելը տնտեսապէս շատ ալ բաղձալի չէ, արդ օրինակ ինչու մեր Բանակի Օրը չմիացնենք Վարդանանց տօնակատրութեան․ իմ կարծիքով Յունուար 28-ը պարզ թուական մըն է, յիշելու համար բանակի ստեղծման համանագիրը եւ իր մէջ յատուկ խորհուրդ չի պարունակեր, մինչդեռ Բանակի Օրն ու Վարդանանց տօնակատարութիւնը մէկտեղելով՝ «վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց» կ՝իմաստաւորենք մեր Բանակի Օրը, տալով մեր զինուորներուն լաւագոյն օրինակը եւ տեսլականը․․․ ափսոս է, առնուազն խելօք բան չէ ունենալ այսպիսի  մէկ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ եւ զայն անտեսել․․․
Սփիւռքի ողջ տարածքին, բարոյական յաղթանակի իմասին ու արժէքին գիտակցող մեր առաջնորդները գիտցան «պատուաստել» մեր մատղաշ սերունդը ձուլման դէմ, փոխանցելով մեզի իրենց հայրենի արժէքներու ճանաչումն ու հպարտութիւն առթող գիտակցութիւնը․․․ Մայր Հողի վրայ, թերեւս նման «ազգային պատուաստ»ի մը պէտք չունենալու պատճառով, արդեօ՞ք պէտք է անտեսենք մեր ազգային արժանապատւութիւնը բարձր պահող դէմքերն ու դէպքերը․․․
Մօտաւոր անցեալի մէջ, Վարդանանց տօնը չէր իսկ յիշատակուր, այստեղ, Հայաստան․․․ Բարեբախտաբար, վերջերս, հոգեկան մեր զարթօնքին մաս կը կազմէ նաեւ նոր սերունդին մասնակցութիւնը ոգեկոչելու Աւարայրի պատերազմը, սակայն ոչ իմ մտքիս մէջ պատկերացուած պատշաճ ձեւով։ Կը հաւատամ, որ մեր բանակի դիմագիծը պէտք է Վարդանանց պատկերով ըլլայ, վասնզի մեր քաջարի զինուորները այսօր ալ Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց, եւ Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է հաւատամքը նուիրաբերող հերոսներ են։
Յ․Գ Կը խնդրեմ Հայկական Մամուլէն արտատպել եւ մեր Ազգային Ժողովի համապատասխան Յանձնաժողովի ուշադրութեան յանձնել՝ վերատեսութեան ենթարկելու համար մեր Բանակի Օրուան  տօնին թուականը։