Արցախ Ներմուծուող Ինքնաշարժներու Թիւը Աճած է

Հայաստան

2019-ին Արցախի Հանրապետութիւն ներմուծուած է 4599 ինքնաշարժ, որ 2018-ի համեմատ աճած է 1077-ով:

Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութեան բաժնի պետ Գառնիկ Ալեքսանեան:

Անոր խօսքով` ինքնաշարժներու ամենաշատ քանակը Արցախ ներմուծուած է Վրաստանէն եւ Ռուսիայէն:

Ներմուծուած մեքենաներու մէջ կը գերակշռեն «Toyota», «Opel», «Lexus», «Mercedes» մակնիշներու մարդատար ինքնաշարժները: