Ամերիկահայերը Ատրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Բողոքի Ցոյց Իրականացուցած Են

Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց իրականացուցած են Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ:

Անոնք դատապարտած են Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի, Մարաղայի մէջ` ատրպէյճանի իշխանութիւններու իրականացուցած ոճրագործութիւնները` պահանջելով արդարադատութիւն իրականացնել մեղսագործներու նկատմամբ. Կը յայտնէ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը:

Ցոյցին մասնակիցները ծածանած են Արցախի դրօշը, նշած, որ երկարատեւ խաղաղութեան կարելի է հասնիլ` միայն յարգելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Ներկաները նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են, որ «Մատրիտեան սկզբունքներ»ը ընդունելու հարցով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու նկատմամբ գործադրուող ճնշումը կ՛աւելնայ:

Աւելցնենք, որ բողոքի ցոյցը կազմակերպած էր Դաշնակցութեան երիտասարդական միութեան Ուաշինկթընի մասնաճիւղը: