
Իտլիպի Մէջ Ասատի Ուժերը Ծանր Հարուած Հացուցած Են Թուրքերուն. Սպաննուած է 33 Թուրք Զինուոր
Փետրուար 27 լոյս 28-ին, Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ, օդանաւային հարուածներու հետեւանքով սպաննուած թուրք զինծառայողներուն թիւը հասած է 33-ի: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Haberler-ը։
Թրքական կողմի պնդումով՝ օդանաւային հարուածները իրականացուած են Սուրիոյ կառավարական ուժերուն կողմէ: Ընդդիմադիր որոշ կայքերու համաձայն՝ օդանաւային հարուածները հասցուցած է ռուսական օդուժը։ Սակայն Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է այդ տեղեկատւութիւնը։
Միջադէպէն ետք՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուած է ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որ տեւած է 6 ժամ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը ցամաքային զօրքերու եւ ռազմաօդային ուժերու հրամանատարներուն հետ այցելած է թուրք-սուրիական սահման՝ Իտլիպին սահմանակից Հաթա նահանգին մէջ տեղակայուած թրքական բանակի հրամանատարական կէտ:
Ըստ թրքական մամուլի՝ Թուրքիոյ զինուժը դիմած է պատասխան գործողութիւններու, որուն հետեւանքով Սուրիոյ կառավարական ուժերը կրած են մեծ կորուստներ։