Բակօ Սահակեան Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Սումգայիթի Ջարդերու Զոհերու Յիշատակին

Հայաստան

Սումգայիթի ջարդերու 32-րդ տարելիցին առիթով՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 28-ին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ դրած անմեղ զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշակոթողին:

Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն: