Ամերիկահայ Նուպար Աֆէեանի Ընկերութիւնը Ստեղծած է Քորոնա Ժահրի Պատուաստանիւթ, Որ Ուղարկուած է Փորձարկման

Աշխարհ, Սփիւռք

Moderna Therapeutics ընկերութիւնը, որ կը գտնուի ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ պատուաստանիւթը ստեղծած է շատ կարճ ժամանակի մէջ, 42 օրուան մէջ ստեղծուած է ծինային նոր մեթոտով COVID 19 քորոնա ժահրի պատուաստանիւթ եւ զայն ուղարկած են փորձարկելու:

Moderna Therapeutics-ի համահիմնադիրն ու նախագահը ամերիկահայ Նուպար Աֆէեանն է։

Առաջին նմուշները ուղարկուած են ԱՄՆ Դիւրազգացութեան ու վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկ: Կը նշուի , որ պատուաստանիւթի փորձարկումները պիտի սկսին Ապրիլին: