
Սպիտակ Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ժամանակի Հարց Է. Արամ Համբարեան
Պէտք է մարդոց յարգանքով վերաբերիլ եւ խաղեր չխաղալ, թէ որոնք են կուսակցութեան մէջ լաւ ու վատ մարդիկ, ատիկա շատ մանկամիտ մօտեցում է։ Նման արտայայտութիւն ունեցաւ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան՝ Yerkir.am-ի հետ Փետրուար 26-ին ունեցած բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ անդրադառնալով ներսի ու դուրսի դաշնակցականներու մասին իշխող վերնախաւի յայտարարութիւններուն։ Դաշնակցական գործիչը մանրամասներ պատմեց նաեւ ուաշինկթընեան ներկայ օրակարգի ու Կապանի հանդէպ իր յատուկ վերաբերմունքին մասին։
– Ի՞նչ աշխատանք տարած է Հայ Դատի յանձնախումբը՝ ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւերը ընդունելու համար։
– ԱՄՆ Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւը տասնեակ տարիներու քրտնաջան աշխատանքի արդիւնք էր։ Մեր ուշադրութիւնը այս պահուն կը կեդրոնացնենք Սպիտակ տան ուղղութեամբ, որպէսզի նախագահ Թրամփը եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Անցեալ տարի տեղի ունեցածը ուղղակի այս աշխատանքին փոքր մասնիկն էր․ Հայաստանին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու, Արցախի մէջ ականազերծման ծրագիրը իրականացնելու, ինչպէս նաեւ երկու բանաձեւ ընդունելու Արցախի հանդէպ Ատրպէյճանի լարուածութեան դէմ։
– Մենք գիտենք, որ մեծ աշխատանք տարուած է յստակ մարդոց հետ․ ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպած էք։
– Մենք այս քայլին դիմելով գիտէինք, որ շատ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ խօսնակ Փելոսիի աջակցութեամբ Ծերակոյտը պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Մեզի՝ դրական իմաստով՝ զարմացնողը ուժեղ քուէարկութիւնն էր՝ 405-ը ընդդէմ 11-ի՝ գրեթէ միաձայն՝ ներառեալ բոլոր դեմոկրատները եւ գրեթէ բոլոր հանրապետականները։ Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս նման կայուն ու համոզիչ յաղթանակը դուռ բացաւ բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ առաջխաղացնելու համար։ Երբ ծերակուտական Մենենտեսը վստահեցուց, որ ինքը Ծերակոյտին մէջ պիտի ըլլայ այնքան ժամանակ, մինչեւ բանաձեւը ընդունի, մեզի համար պարզ դարձաւ, որ մնացեալը ընդամենը ժամանակի հարց է։ Անիկա մեզմէ պահանջեց 1, 2, 3 շաբաթ, իսկ արդէն 4-րդ շաբթուան ընթացքին գործը եղած էր։ Կապ չունի՝ 5, թէ 10 շաբաթ պիտի տեւէր, միեւնոյնն է՝ ատիկա պիտի ըլլար։ Ասիկա կը վերաբերի նաեւ Սպիտակ տան․ Սպիտակ տան կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչելն ալ ուղղակի ժամանակի հարց է։
– ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանը մշակած է «Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդի կորուստները եւ հատուցման մեթոտաբանական հիմքերը» աշխատութիւնը, ուր կը նշուին հայ ժողովուրդի կորսնցուցածը ետ բերելու քայլերը։ Դո՞ւք ինչպէս կը պատկերացնէք կորսուած հայրենիքի վերադարձը։
– Հայերուն արդարութիւն պարտք են, որովհետեւ ակնյայտ է, որ Ցեղասպանութիւնը յանցագործութիւն է եւ ոչ թէ խնդիր։ Մենք այս ամէնը պիտի դնենք սեղանին, իսկ ատկէ ինչ կը յաջորդի, ընթացքը ցոյց պիտի տայ։ Բայց այդ գործընթաց ներառուելու եւ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան համար այդ երկիրը պէտք է դադրեցնէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, Ցեղասպանութիւն յանցագործութեան համար արդարացման պատրուակներ գտնելը։ Արդեօ՞ք հայերը պիտի ստանան ամբողջը, ինչ կ՝ուզեն՝ չեմ կարծեր, բայց անոնք չեն ստանար այն, ինչ չեն ուզեր։
– Դուրսէն հետեւելով ներհայաստանեան գործընթացներուն՝ ի՞նչ զգացում ունիք՝ ճի՞շդ ուղղութեամբ կ՝երթայ Հայաստանը։
– Այն ամէնը, ինչ մենք կ՝ընենք Հայ Դատի գրասենեակներուն միջոցով, ունի մէկ նպատակ՝ տեսնել հզօր Հայաստան, արդար Հայաստան, ապահով ու անվտանգ արդիւնաբերութեամբ երկիր, ուր ընտանիքները պիտի կարենան մեծցնել իրենց երեխաները մայր հողի վրայ։ Ասիկա մեր նպատակն է՝ ըլլայ Հայաստանի մէջ, Արցախի, ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ։ Իմ կինը Կապանէն է եւ ես շատ ուժեղ կապուածութիւն ունիմ այս հողին հետ, իմ երեխաները կապանցիներ են, հետեւաբար ես ունիմ շատ մեծ հաւատք, որ Հայաստանը պիտի բարգաւաճի։ Շատ յաճախ կ՝ըսուի, որ մենք Հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակն ենք, ի հարկէ, մենք ունինք մեծագոյն յարգանք զինուորներուն հանդէպ, անոնք առաջին բանակն են ու ողջ պատիւը իրենցն է եւ եթէ մենք կարենանք ողջ աշխարհի մէջ քաղաքականօրէն որեւէ կերպ օգնել անոնց՝ հպարտ պիտի ըլլանք։
– Հայաստանի իշխող ուժի որոշ ներկայացուցիչներ նշեցին, որ Դաշնակցութեան դուրսի կառոյցներուն հետ լաւ կ՝աշխատին, մինչդեռ ներսի կառոյցը կարիք ունի որ դուրսէն վերահսկեն․ երբ այսպիսի արտայայտութիւններ կը լսէք՝ ի՞նչ կը մտածէք։
– Պէտք է մարդոց հետ յարգանքով վերաբերիլ, յարգանք ցուցաբերել այն փաստի նկատմամբ, որ իրենք կուսակցութիւն կը ներկայացնեն եւ խաղեր չխաղալ, թէ ով են այդ կուսակցութեան մէջ լաւ ու վատ մարդիկ։ Կը կարծեմ ատիկա շատ մանկամիտ մօտեցում է։
– Ապրիլի 5-ին Հայաստանի մէջ հանրաքուէ է՝ ՍԴ 7 անդամներէն ազատուելու նպատակով։ Հանրաքուէի դրուող փաստաթուղթը չուղարկուեցաւ Վենետիկի յանձնաժողովի փորձագիտական կարծիքը ստանալու եւ չտրամադրուեցաւ ՍԴ–ին՝ հաստատելու համար։ Ասիկա ճի՞շդ ուղի է։
– Ինչպէս արդէն նշեցի՝ կինս Կապանէն է՝ ծնած է Արծուանիկ, իսկ իմ ընտանիքը ԱՄՆ հովանիին ներքոյ է արդէն 100 տարի, իմ ու մեր բոլորի երազանքն է ունենալ ազատ Հայաստան՝ անվտանգ սահմաններով, որ այս երկրի քաղաքացիները կարենան բարձրաձայնել խնդիրները այնպէս, ինչպէս իրենք ուզեն՝ բանավէճերու ճանապարհով, եւ ժողովրդավարական ճանապարհով կարենան նման խնդիրները հանգուցալուծել։ Եւ ատիկա մեզի՝ Սփիւռքի համար օրհնութիւն է։ Ու եթէ Հայ Դատը կրնայ որեւէ կերպով աջակցիլ, որպէսզի Հայաստանը ժողավրդավարական երկիր ըլլայ ու հայ քաղաքացիները նման որոշումներ կայացնեն, ուստի մենք ուրախ պիտի ըլլանք օգնելու։
– Փաշինեան–Ալիեւ միւնխէնեան բանավէճին հետեւելով՝ ի՞նչ եզրակացութեան եկաք՝ բանակցային գործընթացը ճի՞շդ ուղղութեամբ կ՝ընթանայ։
– Այդ բանավէճը աշխարհին օգնեց հասկնալու, որ Ալիեւը խաղաղութեան կողմնակից չէ։ Այն, ինչ ես հասկցայ այդ խօսակցութենէն այն է, որ Ալիեւը նուաճողական մտադրութիւն ունի, ան կրնայ շուտով բռնութիւն կիրառել։ Թէ ինչ ճանապարհով կը շարունակուի այս ամէնը եւ ինչ հանգուցալուծում կը ստանայ, ընթացքը ցոյց կու տայ։ Շատ խնդրահարոյց հարց է այն համադրութիւնը, որ հայերը սկիզէն զիջումներու երթան եւ յետոյ ատրպէյճանցիներէն սպասեն որեւէ փոխզիջում։ Ասոնք մեծագոյն մարտահրաւէրներ են։ Եթէ այնպիսի մարդիկ կան հայկական աշխարհի մէջ, որոնք կը կարծեն, որ այդ տարբերակը կրնայ աշխատիլ, ուստի իրենք պէտք է հիմնաւորեն իրենց տեսակէտը, բայց ես դեռ նման տեսակէտ չեմ լսած։