Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Կը Յայտարարէ Մայր Տաճարի Համար Համահայկական Հանգանակութիւն

Հայաստան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը յայտարարէ համազգային հանգանակութիւն` ի նպաստ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ բարեզարդութեան:

Մայր Տաճարի նորոգութեան համար նուիրաբերուող օգնութիւնները համակարգելու նպատակով ստեղծուած են հոգաբարձուներու պատուոյ յանձնախումբ եւ գործադիր մարմին:

Հաստատուած է նաեւ աշխատանքային խումբ` ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ: Սփիւռքի տարբեր թեմերու եւ համայնքներու մէջ ձեւաւորուած են տեղական յանձնախումբեր: Նուիրատուութիւնները կարելի է փոխանցել եւ տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքներու վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ այս կայքէջի միջոցով:

 Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հրատապ ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան աշխատանքները սկսած են 2017-ին` զերծ պահելու զայն հնարաւոր փլուզման վտանգէն:

 Մայր Տաճարի մասնակի վերջին ամրակայումը կատարուած է 1950-60-ականներուն: