Հայաստանի եւ Սուրիոյ Միջեւ Օդային Փոխադրութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրուի

Աշխարհ, Հայաստան

Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ Մարտ ամսուն Սուրիոյ և Հայաստանի միջեւ ստորագրուի երկու երկիրներու միջեւ օդային փոխադրութեան մասին համաձայնագիրը։ Այս մասին «RT» կայանին յայտնած է Հայ-Արաբական Իրաւաբանական Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Վահէ Մահշիկեան ։

Ըստ Մահշիկեանի համաձայնագիրը դեռ մշակման փուլի մէջ։ Ան կը ներառէ երկու երկիրներու մէջ արտօնագրուած որեւէ ընկերութեան իրաւունք տալ տեղափոխուիլ երկու պետութիւններու տարածքին գտնուող որեւէ քաղաքացիական օդակայան։

Ան յայտնած է նաեւ, որ օդանաւի տոմսերուն գինը պիտի ըլլայ մօտ 100 հազար սուրիական լիրա, ներկայիս 450 հազար լիրայի փոխարէն։

Ըստ անոր՝ այս համաձայնագիրը պիտի հեշտացնէ `երկու երկիրներու, յատկապէս սուրիահայերու երթեւեկութիւնը, ինչպես նաև պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան աշխուժացման։