Զոհրապ Մնացականեան Ճոզէֆ Պորելին Ներկայացուցած է ԼՂ Հիմնահարցին Գծով Հայաստանի Սկզբունքային Մօտեցումները

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Փետրուար 25-ին, հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ճոզէֆ Պորելի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան բազմաշերտ օրակարգի շուրջ, ընդգծուած է Արեւելեան գործընկերութեան կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ԵՄ հետ ընդհանուր արժէքներու եւ ամրագրուած նպատակներու կեանքի կոչման ուղղուած կարեւոր հարթակ: Զրուցակիցները շեշտած են Հայաստան – Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած է ՀՀ-ԵՄ երկկողմ եւ բազմակողմ քայլերու յառաջիկայ ժամանակացոյցը:

ԵՄ բարձր ներկայացուցչի խնդրանքով՝ նախարար Մնացականեան ներկայացուցած է ԼՂ հիմնահարցին գծով Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս վերջին հանդիպումներուն: