
Բակօ Սահակեան Ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 25-ին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը. Կը տեղեկացանէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Հանդիպման, որուն մասնակցած է ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, քննարկուած են Հայրենիք-սփիւռք կապերուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 24-ին Երեւանի մէջ սկիզբ առած` ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը Փետրուար 25-ին իր աշխատանքները կը շարունակէ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: