
Արցախով է, Որ Գործնական Կը Դառնայ Ամբողջական Մեր Հայաստանի Տեսլականի Առաջին Կարեւորագոյն Հանգրուանը. Ստեփանակերտի Մէջ Մեկնարկած է ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողովը
Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ բացման խօսքով հանդէս եկած է ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ՝ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան:
Անոր խօսքով՝ խորհրդաժողովի մասնակիցները եկած են Արցախ՝ մէկ անգամ եւս ապացուցելու, որ իրենք անխոնջ պիտի աշխատին, որպէսզի ՀՀ-ն մնայ յաւերժական, հզօր, անվտանգ եւ զարգացող:
«Ազգային-ազատագրական պայքարին իբրեւ արդիւնք ծնած ծաղկող Արցախի Հանրապետութիւնը բոլորի գուրգուրանքին առարկան պէտք է մնայ, որպէսզի զարգանայ առանց զիջումներու: Անհրաժեշտ է, որ բոլորս միասին աշխատնինք, որպէսզի արեամբ ու քրտինքով ձեռք բերուած Արցախի ազատագրումը չմսխուի դիւանագիտական սեղաններու շուրջ: Արցախի ազատագրումը, անկախացումը, եւ ի վերջոյ, Հայաստանին միացումը կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն է ՀՅԴ-ի եւ Հայ Դատի համար: Արցախով է, որ գործնական կը դառնայ ամբողջական մեր Հայաստանի տեսլականի առաջին կարեւորագոյն հանգրուանը: Արցախի գոյամարտով պիտի սնուի մեր երիտասարդութիւնը եւ նոր սերունդը՝ վկայելով, որ ժողովուրդի մէջ անմար կը մնան յեղափոխական սխրանքը, ազատատենչութիւնը եւ մեր իրաւունքներու յանձնառութիւնը: Մենք եկած ենք Արցախ՝ մէկ անգամ եւս շեշտելու, որ Արցախը ամէն գնով պէտք է պաշտպանել, ապահովել միջազգային երաշխիքներ եւ այլն: Մենք այստեղ ենք, որպէսզի գտնենք միջոցներ, որպէսզի մեր Ջաւախքի քոյրերն ու եղբայրենը ամուր կառչած մնան իրենց հողին, որպէսզի անոնց իրաւունքները չոտնահարուին եւ անոնց դիմագիծը չխաթարուի: Պիտի քննարկենք նաեւ պոլսահայութեան իրաւունքներու խնդիրը եւ օժանդակութեան հարցերը, հայրնիքէն դուրս հայութեան խնդիրը եւ երիտասարդութեան ներգրաւումը ՀՅԴ ծրագրերուն: Ժամանակն է հաստատելու համազգային օրակարգ, որուն շուրջ պէտք է համախմբուի ողջ հայութիւնը եւ լծուի Հայ Դատի սուրբ պայքարին»,-մասնաւորապէս ըսած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան:
Խորհրդաժողովին ներկայ ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ Հայ Դատը այն համահայկական կառոյցն է, որ տասնամեակներ շարունակ յամառ պայքար կը մղէ մեր համազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ՝ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով Արցախը:
«Անհնար է պատկերացնել միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի շահերու պաշտպանութիւնը, տարբեր երկիրներու եւ ատեաններու մէջ մեր մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններու տարածումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած քայլերու իրականացումը, բազմաթիւ պետութիւններու եւ անոնց կեդրոններու հետ կապերու հաստատումն ու խորացումը, մեր հանրապետութեան մէջ զանազան ծրագրերու իրականացումը առանց Հայ Դատի գործուն մասնակցութեան, անոր մեծածաւալ եւ անձնուէր աշխատանքին»,- աւելցուցած է Նախագահը:
Բացման ընթացքին Նախագահ Սահակեան ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդը պարգեւատրած է «Երախտագիտութիւն» մետալով՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած գործունէութեան, Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի խօսքով՝ աշխարհով մէկ սփռուած Հայ Դատի յանաձնախումբերու եւ գրասենեակներու նուիրեալները, բոլորէն լաւ գիտեն, որ Արցախով կ՝անցնի հայու լինելիութեան մայր ճանապարհը եւ այդ ուղին պէտք է զերծ պահել օտարածին թափանցումներէ եւ քաղաքական խարդաւանքներէ:
«Երեսուն տարի առաջ Դաշնակցութիւնը, զգալով վերահաս վտանգը, վերադարձաւ Արցախ՝ կամաւորի ազնիւ մղումներով, առաջինը նետուեցաւ մարտի դաշտ ու պայքարի կոչ ըրաւ: Դաշնակցութիւնը կորսնցուց իր գաղափարակից մարտիկներու ամբողջ բանակ մը, որովհետեւ անոնց համար կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը վեր էր ամէն ինչէ ու, յանուն ատոր, չխուսափեցան սեփական կեանքը նուիրաբերելէ: Զոհաբերութեան գնով կեանք առին յաղթանակները, Դաշնակցութիւնը անկախութեան գաղափարը դարձուց հաւատամք, դարձաւ Ազատ Արցախի պետականակերտման անտրտունջ շինարարներէն մէկը, եւ այսօր ալ կը շարունակէ: Հայ Դատի յանձնախումբերը, իրենց գործունէութեան կիզակէտին պահելով Արցախի ճանաչման դժուարին առաքելութիւնը, նիւթական ու մարդկային նուաստ միջոցներով՝ բայց նպատակի գիտակցումով օրն ի բուն կը պայքարին՝ ամէն պահ զգալով ատրպէյճանական եւ թրքական նենգ քարոզչութեան հարուածները: Անոնք չեն վախնար, անոնք կը հակադարձեն պատմական ճշմարտութեամբ, չեն կաշառեր մարդոց, որ վերջիններս ամպիոններէն սուտեր բարձրաձայնեն: Անոնք կաթիլ առ կաթիլ կը մատուցեն ճշմարտութիւնը՝ յանուն արդարութեան: Այսօր պիտի ամփոփենք եղածը եւ պիտի խօսինք ընելիքներու մասին»,- ըսած է Դ. Իշխանեան:
Խորհրդաժողովին, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կ՝իրականացուի Արցախի մէջ (առաջինը՝ 2016-ին), կը մասնակցին Հայ Դատի աւելի քան 30 յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու 50 ներկայացուցիչներ: Բացման արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: